 Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ խորապէս ցնցուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ռաբբի Ցւի Քոկանի առեւանգման ու սպանութեան հարցով:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ խորապէս ցնցուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ռաբբի Ցւի Քոկանի առեւանգման ու սպանութեան հարցով:
«Իսրայէլի քաղաքացի Ցւի Քոկանի սպանութիւնը ահաբեկչական ոճրային հակասեմական յարձակում է», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլի պետութիւնը բոլոր միջոցներով աշխատանքի պիտի լծուի, եւ Ցւի Քոկանը սպաննողներն ու զանոնք ուղարկողները պիտի յանձնենք արդարադատութեան եւ անոնց պիտի չներենք»:
«Պիտի ամրապնդենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ մեր կապերը, մասնաւորաբար մեր միջեւ խաղաղութեան յարաբերութիւններուն վնաս հասցնելու չարիքի առանցքի փորձերուն դէմ», ըսաւ Նեթանիահու:
«Կը քննենք Համասի մօտ գտնուող գերիի մը սպանութեան մասին տեղեկութիւնները, եւ ներկայիս կարելի չէ զայն հաստատել, եւ կապի մէջ ենք անոր ընտանիքին հետ», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:
«Մեր կարելին կ՛ընենք ողջ ու մեռած գերիները վերադարձնելու եւ անդադար կ՛աշխատինք ատոր համար», աւելցուց ան:
«Իւրաքանչիւր անձ, որ մեր գերիներուն վնաս կը հասցնէ, պիտի սպաննուի, եւ իւրաքանչիւր անձ, որ ողջ գերի մը ազատ կ՛արձակէ, 5 միլիոն տոլար պիտի ստանայ», ըսաւ Նեթանիահու:
Իսրայէլի վարչապետը նաեւ սպառնաց Կազայի բնակիչներուն` յայտնելով. «Կազայի բնակչութեան կ՛ըսեմ` կրնաք կեանքը ընտրել եւ ձեր ապագան երաշխաւորել կամ մահն ու քանդումը ընտրել»:
 
			

