Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ արժանապատիւ եւ կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ քննարկած են անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի տագնապին դիւանագիտական լուծման, որ ամբողջովին պիտի կատարէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ սահմանի երկու կողմի քաղաքացիներուն պիտի արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ:
Պլինքըն եւ Ֆիտան նաեւ քննարկած են Կազայի կացութիւնը:


