Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմը մանուկներու դէմ պատերազմ է, որուն ընթացքին օրական 50 մանուկ կը սպաննուի:
Պորել նշեց, որ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չափ ու սահման ունի, եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չ՛արդարացներ Կազայի մէջ քանդումի տարողութիւնը:
«Այս շրջանին մէջ խաղաղութիւն կարելի է հաստատել միայն «երկու պետութիւններ» լուծումի գործադրութեան միջազգային դաշինքի ճամբով», ընդգծեց Պորել:


