Սուրիական Բանակը Կ՛ամրապնդէ Հիւսիսային Համայի Մէջ Իր Դիրքերը
Սուրիական բանակը շաբաթ գիշեր ամրապնդեց Համայի հիւսիսային գիւղերու ուղղութեամբ իր պաշտպանական դիրքերը եւ դէմ դրաւ զինեալ խմբաւորումներուն` արգելք հանդիսանալով, որ անոնք որեւէ ճեղքում կատարեն: Այս մասին հաղորդեց Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով սուրիական զինուորական աղբիւրի մը: Ըստ աղբիւրին, սուրիական բանակը վերատիրացած է շարք մը շրջաններու, որոնցմէ են Քալաաթ Մատիքն ու Մհարտեսը: «Մայատին» իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական եւ...




















