Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան կը յայտնեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները:
«Նախարար Ֆիտան այսօր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, քննարկուած են երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


