Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիւքսամպուրկի Պատգամաւորներու Պալատը Պաքուի Մէջ Անօրինականօրէն Բանտարկուած Բոլոր Անձերուն Մասին Բանաձեւ Որդեգրած Է

November 22, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիւքսամպուրկի Պատգամաւորներու պալատը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ հաշուի առնելով շարք մը հանգամանքներ, կը դատապարտէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցները, որոնք ուղղուած են երեսփոխաններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու խօսքի ազատութեան դէմ:

Բանաձեւով Պատգամաւորներու պալատը Ազրպէյճանէն նաեւ կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել անօրինական կերպով բանտարկուած բոլոր անձերը:

«Պատգամաւորներու պալատը հաշուի առնելով`

– Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ 24 յունուար 2024-ին որդեգրուած թիւ 2527 բանաձեւը` ընդգծելով այդ լիազօրութիւններու օրինականութեան եւ համապատասխանութեան վերաբերեալ արծարծուած մտահոգութիւնները,

– Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ 26 օգոստոս 2024-ին որդեգրուած որոշումը, որ ԵԽԽՎ-ի 76 պատգամաւորները, ներառեալ լիւքսամպուրկցի պատգամաւորներ Օքթաւի Մոտերը եւ Իւ Քուրխթենը, յայտարարած է իբրեւ անբաղձալի անձ` «փերսոնա նոն կրաթա»,

– Լիւքսամպուրկի եւ Եւրոպական խորհուրդի 13 անդամ պետութիւններու միացեալ խիստ դատապարտումը` ուղղուած ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած պատգամաւորներու նկատմամբ կիրարկուող այդ քայլին եւ ատոր չեղեալ յայտարարման վերաբերեալ յստակ կոչին,

– ԵԱՀԿ-ի դիտորդական առաքելութեան եզրակացութիւնները, որոնք կը նշեն, որ 7 փետրուար 2024-ին Ազրպէյճանի մէջ նախագահական արտակարգ ընտրութիւնը տեղի ունեցած է սահմանափակ եւ քննադատական ձայներու ճնշման միջավայրի մէջ` առանց էական քաղաքական այլընտրանքներու,

-Եւրոպական խորհրդարանի 24 հոկտեմբեր 2024-ի բանաձեւը, որ կը մատնանշէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ քաղաքացիական հասարակութեան, գործիչներու, քաղաքական ընդդիմադիրներու եւ անկախ լրատուամիջոցներու դէմ ճնշումներու ուժեղացումը` ստեղծելով վախի մթնոլորտ,

– Միջազգային ներումի եւ «Հիումըն Ռայց Ուաչ»-ի զեկուցումները, ըստ որոնց, շուրջ 300 մարդ ներկայիս անօրինական կերպով բանտարկուած է Ազրպէյճանի մէջ` քաղաքական պատճառներով,

«Կը յիշեցնէ`

– Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ նախապէս որդեգրուած բանաձեւերը,

– բաց երկխօսութեան կարեւորութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ` անոնց գործունէութեան ազատութիւնը ապահովելու նպատակով,

«Կը դատապարտէ`

– Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցները, որոնք ուղղուած են երեսփոխաններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու խօսքի ազատութեան դէմ,

– քաղաքացիական հասարակութեան, լրագրողներու եւ այլ քննադատներու դէմ ուղղուած կամայական բանտարկութիւնները,

«Կը պահանջէ`

– անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել անօրինական կերպով բանտարկուած բոլոր անձերը,

– վերացնել բոլոր սահմանափակումները, որոնք կը խոչընդոտեն ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած ներկայացուցիչներու ազատ տեղաշարժը, կը յանձնարարէ

– Պատգամաւորներու պալատին նախագահին այս բանաձեւը պաշտօնապէս փոխանցել Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահին` իբրեւ խորհրդարանական երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան յանձնառութեան նշան,

– Լիւքսամպուրկի պատուիրակութեան ԵԽԽՎ-ի մէջ ներկայացնել արտակարգ քննարկման առաջարկ` 28-29 նոյեմբեր 2024-ին կայանալիք նիստին,

– Լիւքսամպուրկի պատգամաւորներուն օգտագործել խորհրդարանական դիւանագիտութեան բոլոր կարելիութիւնները` աջակցելու անկախ քաղաքական հասարակութեան եւ խաղաղ հաւաքներու իրաւունքին,

«Վերստին կը հաստատէ`

– իր յանձնառութիւնը պաշտպանելու ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնն ու մարդու իրաւունքները` զանոնք դնելով Ազրպէյճանի հետ երկկողմանի եւ բազմակողմ յարաբերութիւններու կեդրոնը»:

Նախորդը

Պորել. «Կազայի Մէջ Պատերազմը Մանուկներու Դէմ Պատերազմ Է»

Յաջորդը

Միջազգային Քրէական Դատարանը Նեթանիահուի Եւ Կալանթի Դէմ Ձերբակալման Գիր Հրապարակեց

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.