Միջազգային

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ  Կողմերու Միջեւ Վստահութեան Ամրապնդումը

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Կողմերու Միջեւ Վստահութեան Ամրապնդումը

Մոսկուան եւ Անգարան քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարը: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Առանձնակի ուշադրութիւն դարձուցած ենք կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ենթակառոյցներու եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու վերականգնման, գիւղատնտեսական գործունէութեան աշխուժացման հարցերուն, ներառեալ «3+3» (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան+Իրան, Ռուսիա, Թուրքիա) շրջանային...

Մարսէյի Մէջ.  Ռուսիոյ Հիւպատոսարանի Տարածքին Մէջ Պայթում.  Մոսկուան Ահաբեկչութեան Վարկածը Չի Բացառեր

Մարսէյի Մէջ. Ռուսիոյ Հիւպատոսարանի Տարածքին Մէջ Պայթում. Մոսկուան Ահաբեկչութեան Վարկածը Չի Բացառեր

Մարսէյի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսարանի տարածքին մէջ պայթում տեղի ունեցած է: Այս մասին տեղական «Մարսէյէզ» օրաթերթին յայտնած է Ռուսիոյ ընդհանուր հիւպատոս Սթանիսլաւ Օրանսքի: Ան նշած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է ինքնին դիւանագիտական ներկայացուցչութեան տարածքին մէջ եւ ոչ թէ անոր կողքին, ինչպէս նախապէս հաղորդած էին լրատուամիջոցները: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ պայթումէն ետք դէպքի վայր հասած են փրկարարները: «Վալէօր Աքթիւել» հրատարակութիւնը,...

Եւրոպական Միութիւնը Առկախեց Սուրիոյ  Հաղորդակցութիւններու, Ուժանիւթի Եւ Դրամատուներու  Մարզերուն Ոլորտներուն Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցները

Եւրոպական Միութիւնը Առկախեց Սուրիոյ Հաղորդակցութիւններու, Ուժանիւթի Եւ Դրամատուներու Մարզերուն Ոլորտներուն Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները երկուշաբթի օր առկախեցին Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, որոնք կը վերաբերին տնտեսական գլխաւոր ոլորտներուն: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Մայա Քալլաս: Միութեան անդամ 27 պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին որդեգրեցին հաղորդակցութիւններու, ուժանիւթի եւ դրամատուներու ոլորտներուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: «Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր պիտի առկախէ դրամատուներու, ուժանիւթի եւ...

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին.  Էրտողան. «Թուրքիան Կը Շարունակէ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալու Ջանքերը, Եւ Դէմ Է  Պաղեստինցիներու Տեղահանման»

Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. Էրտողան. «Թուրքիան Կը Շարունակէ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալու Ջանքերը, Եւ Դէմ Է Պաղեստինցիներու Տեղահանման»

Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութիւններու գրասենեակը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Կազայի եւ Ուքրանիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները: Էրտողան յայտնած է. «Թուրքիան կը շարունակէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու եւ արդար ու տեւական խաղաղութիւն ապահովելու իր ջանքերը»: «Նախագահը նշեց, որ Թուրքիան` իբրեւ հակամարտող կողմերը քանի մը անգամ...

Գերմանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն  Յաղթանակ Արձանագրելէ Ետք.  Մերց. «Իմ Քաղաքականութեանս Առաջնահերթութիւնը  Պիտի Ըլլայ Ուաշինկթընէն Անկախացումը»

Գերմանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրելէ Ետք. Մերց. «Իմ Քաղաքականութեանս Առաջնահերթութիւնը Պիտի Ըլլայ Ուաշինկթընէն Անկախացումը»

Ինծի համար բացարձակ առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ, որ մենք Միացեալ Նահանգներէն անկախութիւն ձեռք բերենք: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրիտրիխ Մերց: Մերցի գլխաւորած Քրիստոնէական դեմոկրատական միութիւն/Քրիստոնէական ընկերային միութիւն դաշինքը, ինչպէս կը սպասուէր, յաղթած է կիրակի օր Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Դաշինքը ստացած է քուէներուն 28,6 առ հարիւրը, երկրորդ դիրքը գրաւած է ծայրայեղ աջակողմեան Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութիւնը` 20,8...

Կարտինալ Ռաւազի Չի Բացառեր,  Որ Ֆրանչիսկոս Պապը  Կրնայ Հրաժարիլ Աթոռէն

Կարտինալ Ռաւազի Չի Բացառեր, Որ Ֆրանչիսկոս Պապը Կրնայ Հրաժարիլ Աթոռէն

Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւազի չէ բացառած, որ Ֆրանչիսկոս պապը կրնայ աթոռէն հրաժարիլ, ինչպէս իր նախորդը` Պենետիկտոս ԺԶ-ն ըրաւ, եթէ առողջական պատճառներով չկարողանայ կատարել պարտականութիւնները: Ան այս մասին ըսած է իտալական «Քուրիերէ Տելլա Սերա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Եթէ Ֆրանչիսկոս պապը դժուարանայ կատարել պապական պարտականութիւնները, ան պիտի կատարէ իր ընտրութիւնը: Կը կարծեմ` ան կրնայ որոշել հրաժարական տալ: Ատիկա ինք պիտի որոշէ, վերջին...

Նեթանիահու Յետաձգեց Պաղեստինցի  Արգելափակեալներու Ազատ Արձակումը

Նեթանիահու Յետաձգեց Պաղեստինցի Արգելափակեալներու Ազատ Արձակումը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ պաղեստինցի արգելափակեալներու ազատ արձակումը պիտի յետաձգուի մինչեւ որ Համաս վերջ տայ իսրայէլացի գերիներու յանձնման ընթացքին «վարկաբեկիչ արարողութիւններուն»: «Համասի իրերայաջորդ խախտումներուն, մասնաւորաբար գերիներու արժանապատուութիւնը վիրաւորող վարկաբեկիչ արարողութիւններու ճամբով եւ գերիներու քարոզչական նպատակներու համար հեգնական օգտագործման լոյսին տակ, որոշուեցաւ յետաձգել ազատ արձակումը պաղեստինցի գերիներուն, զորս ծրագրուած էր երէկ` շաբաթ օր...

Թրամփ. «Ուքրանիոյ Հետ Համաձայնութեան  Հասնելու Շատ Մօտ Ենք»

Թրամփ. «Ուքրանիոյ Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Շատ Մօտ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ Պահպանողական հոսանքի քաղաքական աշխատանքի խորհրդաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ իր վարչակազմը «շատ մօտ է» Ուքրանիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնելու, եւ «այն, ինչ որ մինչեւ հիմա տեղի ունեցաւ, պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած ահաւոր կացութիւն էր»: «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ խօսեցայ, եւ կը կարծեմ, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը պէտք է աւարտի», աւելցուց Թրամփ: Սպիտակ...

Թրամփի Քաղաքականութեան Եւ Ռուս-Ամերիկեան Մերձեցման Մասին

Ռիապքով. «25 Փետրուարին Ռիատի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Հանդիպումի Պատրաստութիւններ Չկան»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով հերքեց «25 փետրուարին Ռիատի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն միջեւ որեւէ պատրաստութեան գոյութիւնը»: Ռիապքով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով այդ առնչութեամբ շրջանառուող լուրերու հաւաստիութեան մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Չեմ կրնար այս լուրը հաստատել: Ռիատի մէջ պատրաստուող որեւէ ժողով չկայ»: Նախքան այդ շարք մը լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու յաջորդ փուլը...

Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին`  Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան  Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»

Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին` Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ, անդրադառնալով Ռիատի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի գլխաւորած ռուսական պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին, յայտնեց, թէ Ուաշինկթընի գլխաւոր նպատակն է ստուգել, թէ Մոսկուան Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու նկատմամբ «լուրջ» է: «Աշխատանք կը տանինք գիտնալու, եթէ խաղաղութեան նկատմամբ լուրջ են», նշեց Ռուպիօ` աւելցնելով. «Միակ բանը, որուն շուրջ համաձայնեցանք, այն է, թէ կ՛ուզենք խաղաղութեան հարցը...

Համաս Փոխան Շիրի Պիպասի Դիակին  «Անծանօթ Անձի» Մը Դիակը Յանձնած Է Իսրայէլին

Համաս Փոխան Շիրի Պիպասի Դիակին «Անծանօթ Անձի» Մը Դիակը Յանձնած Է Իսրայէլին

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Երէկ մեր ստանձնած դիակներէն մէկը գերի Շիրի Պիպասինը չէ, այլ անծանօթ անձի մը, որ ոեւէ այլ գերիի Տի.Էն.Էյ.-ին չի համապատասխաներ»: Իսրայէլեան բանակը աւելցուց. «Համաս պարտաւոր է բոլոր գերիներուն կողքին վերադարձնել Պիպասի դիակը»` աւելցնելով. «Իսրայէլ խիստ կերպով պիտի վարուի այս խախտումին հետ»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին Համասը ամբաստանեց զինադադարը խախտելու եւ Պիպասի դիակը հինգշաբթի...

Մաքրոն Եւ Սթարմըր Յաջորդ Շաբաթ  Ուաշինկթըն Պիտի Այցելեն

Մաքրոն Եւ Սթարմըր Յաջորդ Շաբաթ Ուաշինկթըն Պիտի Այցելեն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յաջորդ շաբաթ պիտի այցելեն Ուաշինկթըն` քննարկելու համար Ուքրանիոյ տագնապի լուծման վերաբերող հարցերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Մայք Ուոլց: Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպում պիտի ունենայ երկուշաբթի օր, իսկ Բրիտանիոյ վարչապետին...

Հունգարիան Արգելակած Է Ուքրանիոյ Համար  Եւրոպական Միութեան Զինուորական  Օգնութեան Թղթածրարը

Հունգարիան Արգելակած Է Ուքրանիոյ Համար Եւրոպական Միութեան Զինուորական Օգնութեան Թղթածրարը

Հունգարիան արգելակած է Ուքրանիոյ համար Եւրոպական Միութեան զինուորական օգնութեան նոր թղթածրարը: Նախապէս Եւրոպական Միութեան արտաքին կապերու ծառայութիւնը առաջարկած էր Ուքրանիոյ շուրջ 6 միլիառ եւրոյի չափով լրացուցիչ զինուորական օգնութիւն տրամադրել: Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ իր երկիրը Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի նախաձեռնութիւնը կը նկատէ բանակցութիւններուն մէջ Քիեւի դիրքերու ամրապնդման ուղղուած քայլ,...

Մասքի Որդիին Պատճառով Թրամփ  Փոխած Է Աշխատասեղանը

Մասքի Որդիին Պատճառով Թրամփ Փոխած Է Աշխատասեղանը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ փոխած է 1961 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ծառայող աշխատասեղանը: Պատճառը այն է, որ Իլոն Մասքի որդին քիթը փորելով կեղտոտած է սեղանը: «Նիւ Եորք Փոսթ» կը գրէ, որ 1880-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն այս սեղանը նուիրած է Բրիտանիոյ թագուհի Վիքթորիան: Անիկա Ձուաձեւ աշխատասենեակին մէջ տեղադրուած է 1961-էն ի վեր: Սպիտակ տունը չէ նշած սեղանը...

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու  Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան  «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Քրեմլին. «Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ամերիկեան Դիրքորոշման Ամբողջովին Համաձայն Ենք»

Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ «ամբողջովին համաձայն» է Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշումին: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութեան հաստատման եւ այդ բանակցութիւններու ճամբով կատարելու անհրաժեշտութեան մասին կը խօսինք: Նաեւ նկատեցինք, որ այդ դիրքորոշումը մեզի աւելի յարմար է, քան նախկին վարչակազմին դիրքորոշումը, եւ մենք ամբողջովին համաձայն ենք ամերիկեան ներկայ վարչակազմին հետ»:...

Համաս 4 Պատանդներու, Ներառեալ Նորածինի Մը  Եւ 4 Տարեկան Երեխայի Մը Դիակները Յանձնեց

Համաս 4 Պատանդներու, Ներառեալ Նորածինի Մը Եւ 4 Տարեկան Երեխայի Մը Դիակները Յանձնեց

Պաղեստինեան Համաս շարժումը երէկ իսրայէլացի 4 պատանդներու, ներառեալ նորածինի մը, անոր չորս տարեկան եղբօր եւ անոնց մօր` Շիրի Պիպասի դիակները յանձնեց իսրայէլեան կողմին: Անոնց դագաղներուն վրայ դրուած էին պատանդներուն փոքր լուսանկարները: Համաս նոյեմբեր 2023-ին յայտնած էր, թէ երկու երեխաներն ու անոնց մայրը սպաննուած էին իսրայէլեան օդային յարձակումի մը պատճառով: ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գործակալութեան պատասխանատու Ֆոլքըր Թուրք այդ քայլը զզուելի եւ...

Արեֆ. «Մենք Շրջանային Երկիրներու Խնդիրներու  Լուծումները Կը Փնտռենք Միայն  Շրջանի Երկիրներու Օգնութեամբ»

Արեֆ. «Մենք Շրջանային Երկիրներու Խնդիրներու Լուծումները Կը Փնտռենք Միայն Շրջանի Երկիրներու Օգնութեամբ»

Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամետ Ռեզա Արեֆ ըսած է, թէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շրջանային խնդիրներու լուծումները կը փնտռէ միայն շրջանի երկիրներուն օգնութեամբ: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ հանդիպումի ընթացքին: Ան ընդգծած է, որ Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը դրացի երկիրներու, ներառեալ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումն է: Արեֆ շեշտած է ուժանիւթի, փոխադրամիջոցի եւ տարանցման...

Այսօր Ռիատի Մէջ Ծոցի Երկիրներու, Եգիպտոսի  Եւ Յորդանանի Ղեկավարներու Ոչ Պաշտօնական Ժողով

Այսօր Ռիատի Մէջ Ծոցի Երկիրներու, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Ղեկավարներու Ոչ Պաշտօնական Ժողով

Սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ պատասխանատու աղբիւր մը յայտնած է. «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտի հրաւէրով Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու ղեկավարները, Յորդանանի թագաւորն ու Եգիպտոսի նախագահը վաղը` ուրբաթ օր Ռիատի մէջ ոչ պաշտօնական եղբայրական հանդիպում մը կ՛ունենան»: Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ «ծիրին մէջ անձնական բարեկամական հանդիպումներուն, որոնք տարիներէ...

Քալիպաֆ. «Թեհրան Ամբողջովին  Կ՛աջակցի «3+3» Հարթակին»

Քալիպաֆ. «Թեհրան Ամբողջովին Կ՛աջակցի «3+3» Հարթակին»

Իրան ամբողջովին կ՛աջակցի «3+3» հարթակին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալիպաֆ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպումի ընթացքին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ կողմերը քննարկած են այսօր հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող նոր կարելիութիւններն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ընդգծած. «Շրջան արտաքին ուժերու ներգրաւումը լաւ բան չի...

Ուալց. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են  Լիբանանին Նկատմամբ` Աշխատելու Զինադադարի  Ամրապնդման Եւ Առկախ Հարցերը  Դիւանագիտութեան Ճամբով Լուծելու Համար»

Ուալց. «Ուքրանիոյ Կողմէ Միացեալ Նահանգներու Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւնը Անընդունելի Է»

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայքըլ Ուալց «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Վարչակազմին մօտ Ուքրանիոյ մէջ կացութեան նկատմամբ շատ հիասթափութիւն գոյութիւն ունի»: «Ուքրանացիներուն անհաւատալի տնտեսական պատմական ներդրումներու առիթներ ներկայացուցինք», աւելցուց Ուալց: «Ուքրանիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներու ներքին հարցերուն միջամտութիւնը անընդունելի է», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն: «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ մագոգային դիւանագիտութեան կը մասնակցինք», ըսաւ...

Page 103 of 882 1 … 102 103 104 … 882

Արխիւներ