Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փորոշենքօ. «Իշխանութիւնները Կը Ծրագրեն 26 Հոկտեմբերին Ընտրութիւններ Կազմակերպել»

Փետրուար 19, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժի ղեկավար Փեթրօ Փորոշենքօ յայտարարած է, որ ուքրանական իշխանութիւնները կը ծրագրեն այս տարուան 26 հոկտեմբերին ընտրութիւններ կազմակերպել:

«Սենսոր» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով «ե՞րբ ձեր կարծիքով տեղի պիտի ունենան Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւնները» հարցումին «Եւրոպական համերաշխութիւն» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը պատասխանած է` «արձանագրեցէք` այս տարուան 26 հոկտեմբերին»:

Փորոշենքօ, որ նախապէս յայտարարած է նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութեան մասին, իր ըսածը հիմնաւորող փաստարկներ վկայակոչած է` «աղբիւրներ իրաւապահ մարմիններու մէջ, «Ուքրայինա» տպագրական գործարանին մէջ, որ այժմ կը մշակէ քուէաթղթիկներու թիւը, Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին մէջ, որ ընտրողներու արձանագրութեան մէջ փոփոխութիւններ կը սկսի, Ազգային միասնութեան նախարարութեան մէջ, որ առաջին գրասենեակը կը բանայ Պերլինի մէջ` բացառապէս ընտրութիւններուն նախապատրաստման համար»:

Ուքրանիոյ իշխող ուժի ներկայացուցիչ Դաւիթ Արախամիան, արձագանգելով Փորոշենքոյի պնդումներուն, յայտարարած է, որ զինուորական դրութեան պայմաններուն մէջ ընտրութիւնները անկարելի են:

Ուքրանիոյ մէջ զինուորական դրութեան պատճառով ընտրութիւնները յետաձգուած են: Իշխանութիւնները կը պնդեն, որ ռմբակոծումներու տակ գտնուող եւ արտերկրի մէջ` գաղթականի կարգավիճակի մէջ գտնուող միլիոնաւոր քաղաքացիներ ունեցող երկիրը չի կրնար ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կազմակերպել:

Քանի մը օր առաջ Ուքրանիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնացը յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ Ուքրանիոյ մէջ նոր ընտրութիւններ տեղի ունենան` ցանկալի է այս տարի, յատկապէս, եթէ կողմերը զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:

Նախորդը

Ուրալօղլու. «Ազրպէյճանցիները Կ՛ուսումնասիրեն` «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Հայաստանի՞, Թէ՞ Իրանի Տարածքով Պիտի Անցնի»

Յաջորդը

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն Ծանր Ռումբեր Ստացած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Վեց Ամսուան Մէջ Վեց Պատերազմներու Վերջ Տուի»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?