Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նախազգուշացուցած է, որ Եւրոպայի դէմ Միացեալ Նահանգներու մաքսատուրքերը պիտի մեծցնեն ամերիկացիներուն համար գնաճը: Մաքրոն «Սի.Էն.Էն.»-ին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մաքսատուրքերու ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու համար «գլխաւոր առաջնահերթութիւն»:
«Արդեօք Եւրոպական Միութիւնը ձեր (Միացեալ Նահանգներու) առաջնային խնդի՞րն է, ո՛չ, չեմ կարծեր, ձեր առաջնային խնդիրը Չինաստանն է, այնպէս որ դուք պէտք է կեդրոնանաք առաջնային խնդիրին վրայ», ըսած է ան:
Մաքրոն զգուշացուցած է, որ մաքսատուրքերը պիտի վնասեն եւրոպական տնտեսութիւններուն, սակայն նաեւ Միացեալ Նահանգներուն` հաշուի առնելով Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի տնտեսական կապերու մակարդակը:
«Ատիկա կը նշանակէ, որ եթէ դուք մաքսատուրքեր դնէք շատ ոլորտներու վրայ, ատիկա պիտի բարձրացնէ ծախսերը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գնաճ պիտի յառաջացնէ:
Այն հարցումին, թէ արդեօք ան պատրա՞ստ է «ճակատիլ» Թրամփի հետ մաքսատուրքերու հարցին մէջ, Մաքրոն պատասխանած է. «Ես արդէն ատիկա ըրած եմ եւ նորէն կ՛ընեմ»:


