Եգիպտական ապահովական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ (Եգիպտոսի) նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հինգշաբթի օր ուղղուի Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատ` քննարկելու համար Կազայի վերաբերեալ Արաբական ծրագիրը:
Կը նախատեսուի, որ արաբական պետութիւնները քննարկեն պատերազմէն ետք վերակառուցման ծրագիր մը` այլընտրանք մը ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրին, որուն համաձայն, անոր երկիրը պիտի տիրէ Կազային եւ անոր բնակիչները տեղափոխէ այլ երկիրներ, նախ եւ առաջ Եգիպտոս եւ Յորդանան:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց յետաձգումը Կազայի եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուող զարգացումներուն շուրջ արաբական արտակարգ վեհաժողովին, որ որոշուած էր գումարել 27 փետրուարին:
Նախարարութիւնը նշեց, որ նշեալ վեհաժողովը պիտի գումարուի 4 մարտին: