Անգլիոյ եկեղեցին մերժած է խնդրանքը Սուրբ հաղորդութեան կանոնները փոխելու` յանուն անոնց, որոնք չեն կրնար ալքոհոլ խմել կամ սնձան (կլիւթեն) պարունակող հաց ուտել:
Կանոնական օրէնքի համապատասխան` Սուրբ Հաղորդութեան համար օգտագործուող հացը պէտք է պատրաստուած ըլլայ «լաւագոյն եւ մաքուր ցորենի ալիւրէ, իսկ գինին խմորուած խաղողի որակեալ եւ օգտակար հիւթէն»:
«Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ վերապատուելի Էլիս Քեմփը համապատասխան խնդրանքը կատարած է Կրօնական ժողովի նախօրեակին:
«Կարելի՞ է ուսումնասիրել հաղորդութեան ժամանակ սնձան եւ ալքոհոլ չպարունակող արտադրանքի օրինական օգտագործումը` անարդարութիւնը շտկելու համար», հարց տուած է Քեմփ:
Լիխֆիլտի եպիսկոպոս եւ Եկեղեցւոյ պատարագային յանձնախումբի նախագահ Մայքըլ Իփկրէյվ, սակայն, ըսած է, որ եկեղեցին չի կրնար համաձայնիլ կանոններու փոփոխութեան:
Ան միեւնոյն ժամանակ բացատրած է, թէ կանոնական օրէնքը հաղորդութիւն ստացողէն չի պահանջեր արարողութեան ժամանակ պարտադիր գինին խմել կամ հացը ուտել: