Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն «Էմ.Քէյ.-84» տիպի ծանր ռումբեր ստացած է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջած է զինամթերքի արտածման արգելքը, որ սահմանուած էր Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահի` Ճօ Պայտընի վարչակազմին կողմէ:
Թրամփ յայտարարած է, որ հակառակ զինադադարին, վերցուցած է Իսրայէլ ռումբերու արտածման արգելքը, որովհետեւ կը հաւատայ «ուժի միջոցով խաղաղութեան»:
«Էմ.Քէյ.-84»-ը 907 քիլոկրամնոց չկառավարուող ռումբ է, որ կրնայ մխրճուիլ հաստ շաղախի կամ մետաղի մէջ` ստեղծելով պայթումի մեծ շառաւիղ:
Պայտընի վարչակազմը արգիլած էր անոնց Իսրայէլ արտածումը` Կազայի խիտ բնակեցուած տարածքներու վրայ անոնց հաւանական ազդեցութեան պատճառով:
«Ռոյթըրզ» կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը այս ծանր ռումբերէն Իսրայէլ ուղարկած էր 7 հոկտեմբեր 2023-ին Կազայէն պաղեստինեան Համաս շարժումի յարձակումէն ետք, սակայն աւելի ուշ կասեցուցած էր այդ մատակարարումները: