Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայել Պաղայի հերքած է «Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարներու հակաիրանեան յայտարարութիւնները` անոնց մեղադրանքները կոչելով «անհիմն եւ անպատասխանատու»:
«Անհեթեթ է Իրանը մեղադրել շրջանին մէջ ապակայունացնող վարմունքի մէջ, Իրանի պաշտպանական կարողութիւնները կը զարգանան միջազգային օրէնքին համաձայն եւ անհրաժեշտ են Արեւմտեան Ասիոյ մէջ անվտանգութիւնը ապահովելու համար», կը նշուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Պաղայի նշած է. «Խաղաղ հիւլէական ոլորտին մէջ Իրանի գործունէութիւնը ուղղուած է երկրի թեքնիք եւ արդիւնաբերական կարիքները բաւարարելուն եւ կ՛իրականացուի միջազգային օրէնքի եւ Հիւլէական զէնքի չտարածման պայմանագիրով Իրանի պարտաւորութիւններու եւ երաշխիքներու համաձայնագիրին համապատասխան»:
Իրանցի դիւանագէտը Իսրայէլը կոչած է «Միջին Արեւելքը հիւլէական զէնքէն զերծ գօտիի վերածելու միակ խոչընդոտը»:
Պաղայիի համաձայն, Իսրայէլը «վայելելով «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրներու լիակատար աջակցութիւնը, Կազայի մէջ գործուած ցեղասպանութեան եւ շրջանի երկիրներու վրայ յարձակումի զուգահեռ, կը շարունակէ զանգուածային ոչնչացման զէնքերու մշակումը, ինչ որ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար»: