Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Պաշտօնեաներու Խումբ Մը Բանակցութիւններու Համար Կը Մեկնի Սէուտական Արաբիա. Զելենսքի Կը Պնդէ, Թէ Հրաւէր Չէ Ստացած

February 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ բարձրաստիճան խումբ մը կ՛ուղարկէ Սէուտական Արաբիա` բանակցութիւններ սկսելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ, ամերիկացի պաշտօնեաներ յայտնած են քանի մը լրատուամիջոցներու:

Ըստ այդ հաղորդումներուն, բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ, Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլց եւ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով բանակցող Սթիւ Ուիթքոֆ: Տակաւին անորոշ կը մնայ այդ բանակցութիւններուն Ուքրանիոյ նախագահի մասնակցութեան հարցը:

Զելենսքի, պատասխանելով Սէուտական Արաբիոյ մէջ խաղաղ բանակցութիւններու վերաբերեալ հարցին, ըսած է, որ հրաւէր չէ ստացած:

Ամերիկացի պաշտօնեաները լրագրողներուն յայտնած են նաեւ, որ չեն նախատեսեր բանակցութիւններուն մէջ ներառել այլ դաշնակիցներու ներկայացուցիչներ:

Մինչ այդ, եւրոպական երկիրներու ղեկավարները կը պատրաստուին արտակարգ վեհաժողով կայացնել` Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու նպատակով:

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարած է, որ առանց Եւրոպայի բանակցութիւնները «եզակի պահ պիտի ըլլան մեր ազգային անվտանգութեան համար»: Անոր համաձայն, Եւրոպան պէտք է մեծ դեր ստանձնէ ՕԹԱՆ-ի մէջ` աշխատելով Միացեալ Նահանգներու հետ Ուքրանիոյ ապագան ապահովելու եւ Ռուսիայէն բխող սպառնալիքը դիմակայելու համար:

Վկայակոչելով եւրոպական դիւանագիտական չորս աղբիւրներ` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած էր, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Փարիզի մէջ, ուր եւրոպացի ղեկավարները մտադիր են ռուս-ուքրանական տագնապի հարցին մէջ ընդհանուր դիրքորոշում մշակել այն մտավախութիւններու խորապատկերին վրայ, որ Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ հետ կը վարէ բանակցութիւններ, որոնց չի մասնակցիր Եւրոպան:

Վեհաժողովի նախապատրաստման մասին յայտնի դարձած էր շաբաթ երեկոյեան, երբ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքի յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «արդէն Փարիզ կը կանչէ եւրոպացի առաջնորդները»:

«Նախագահ Թրամփը ունի աշխատանքի մեթոտ մը, որ ռուսերը կը կոչեն հետախուզութիւն` դուք կը սկսիք գործել եւ կը հետեւիք, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, յետոյ կը փոխէք ձեր դիրքորոշումը: Եւ մենք [Եւրոպան] պէտք է արձագանգենք», ըսած է լեհ նախարարը` անդրադառնալով 12 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութեան:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլն Ու Միացեալ Նահանգները Լի Են Վճռականութեամբ` Խոչընդոտելու Իրանի Հիւլէական Յաւակնութիւնները»

Յաջորդը

Պայրամով Ֆիտանին Տեղեկացուցած Է Հայ-Ազրպէյճանական Խաղաղ Գործընթացի Մասին

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.