Թրամփ Զելենսքին «Ծիծաղելի Յայտարարութիւններ
Կատարող Անատակ Նախագահ» Կ՛որակէ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ կրնայ այս ամսուան աւարտէն առաջ հանդիպիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` նշելով, որ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ երեքշաբթի օր տեղի ունեցած բանակցութիւնները «շատ լաւ» էին:
Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ իր սեփական «Մարալակօ» հանգստեան վայրին մէջ վերահաստատեց, որ կը ձգտի վերջ տալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին` զգուշացնելով, որ այդ տագնապը կրնայ համաշխարհային երրորդ պատերազմի յանգեցնել:
Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, որ Ռիատի բանակցութիւններէն ետք պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան հասնելու նկատմամբ աւելի վստահ դարձած է:
Թրամփ նաեւ քննադատեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին` զինք պատասխանատու նկատելով պատերազմի շարունակման:
«Զելենսքին անատակ նախագահ է, որ ծիծաղելի յայտարարութիւններ կը կատարէ: Անոր ղեկավարութիւնը արտօնած է, որ պատերազմը շարունակուի, եւ ան չի գիտեր, թէ Ուքրանիոյ մեր տուած 350 միլիառ տոլար գումարին կէսը ո՛ւր գացած է», նշեց Թրամփ:
Ան ըսաւ, որ պիտի չընդդիմանայ, եթէ եւրոպացիները կ՛ուզեն Ուքրանիա խաղաղապահ ուժեր ուղարկել` խաղաղութեան համաձայնութեան գոյացման պարագային ապահովական երաշխիքներ ապահովելու համար:
«Այդտեղ ուժերու ներկայութիւնը լաւ պիտի ըլլայ, եւ ատոր բնաւ պիտի չընդդիմանամ», նշեց ան:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց, որ Փութին «Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութեան համար ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի ճշդէ, Ուաշինկթընի իր պատուիրակութիւնը ճշդելէն ետք»:
«Զելենսքիի հաւանական կարգաւորման վերաբերեալ յայտարարութիւնները հակասական են», նշեց Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահի բանբերը նաեւ ըսաւ. «Փութինի եւ Թրամփի միջեւ վեհաժողովի գումարման պատրաստութիւնը ժամանակ պիտի առնէ, եւ հաւանական է, որ վեհաժողովը գումարուի փետրուարի աւարտէն առաջ կամ աւելի ուշ»:
«Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները չափազանց կարեւոր քայլ են Ուքրանիոյ շուրջ ապագայ կարգաւորման համար», նշեց ան:
Փեսքով յայտնեց, որ Փարիզ տակաւին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Փութինի հետ խօսելու փափաքին շուրջ Մոսկուայի հետ կապ չէ հաստատած:
«Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները Ռիատի մէջ հիմնականին մէջ քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները», նշեց Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:
«Ուաշինկթընն ու Մոսկուան Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններ կատարելու վերաբերեալ որոշում չեն կրնար տալ», ըսաւ ան:
«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու վերականգնումը անհրաժեշտ է` նկատի ունենալով, որ ամերիկեան նախկին վարչակազմը դիտաւորեալ կերպով անոնց վնաս հասցուց», յայտնեց Փեսքով:
Դեսպանատուներու Բնականոն Աշխատանքի
Վերականգնման Շուրջ Համաձայնութիւն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ իր երկիրն ու Ռուսիան համաձայնած են իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու բնականոն աշխատանքի վերականգնման շուրջ:
Ռուպիօ նշեց, որ երկու կողմերը նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են կազմելու պաշտօնատարներու խումբ մը` «երկու դիւանագիտական առաքելութիւններուն աշխատանքի վերականգնման վրայ մեծ արագութեամբ աշխատելու համար»:
«Կարիքը պիտի ունենանք գործօն ու բնականոն կերպով աշխատելու կարող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, որպէսզի կարենանք շարունակել այդ խողովակներու օգտագործումը», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ երկու դեսպանատուներու աշխատանքներու վերականգնման կերպին շուրջ հրապարակաւ պիտի չբանակցի:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ Ռիատի բանակցութիւնները «չափազանց օգտակար» էին` աւելցնելով. «Ոչ միայն խօսեցանք, այլ նաեւ զիրար լսեցինք, եւ այն կարծիքը ունիմ, թէ ամերիկեան կողմը սկսաւ աւելի լաւ հասկնալ մեր դիրքորոշումը, որ անգամ մը եւս մանրամասն կերպով յայտնեցինք` օգտագործելով որոշ օրինակներ` հիմնուելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի իրերայաջորդ ճառերուն վրայ»:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ «առաջարկեցին առկախել Ուքրանիոյ մէջ ուժանիւթի կառոյցներուն վրայ յարձակումները», եւ Ռուսիան յայտնեց, որ «քաղաքային կառոյցներու վրայ յարձակում չի գործեր»:
«Երկու երկիրները համաձայնեցան, որ պէտք չէ տագնապը հրահրել, այլ` խնդիրները լուծել, երբ իրենց շահերը չեն համընկնիր», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Աշխատանք պիտի տանինք պայմաններ ստեղծելու` մեր գործակցութիւնը ամբողջական կերպով շարունակելու համար եւ զայն ընդլայնելու, որպէսզի ներառէ տարբեր ոլորտներ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Ռիատի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին ստեղծած համաշխարհային խնդիրներու լուծման համար աշխատանքի սկիզբն է:
Զախարովա «Սփութնիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ասիկա պարզապէս հաղորդակցութիւն չէ եւ պարզապէս բանակցութիւններու սկիզբ չէ, այլ ժրաջան աշխատանքի սկիզբ, ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու վերականգնման, այլ նաեւ` ամերիկեան նախկին վարչակազմին ստեղծած համաշխարհային խնդիրներու լուծման համար»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ` Լաւրովի հետ իր բանակցութիւններէն ետք, խօսած է իր ֆրանսացի, բրիտանացի, իտալացի եւ գերմանացի պաշտօնակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հետ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ անոնք քննարկած են Ռիատի մէջ Ռուպիօ-Լաւրով ժողովը, իսկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրոն քննարկած է երկուշաբթի օր Փարիզի մէջ եւրոպական անվտանգութեան ու Ուքրանիոյ շուրջ գումարուած եւրոպական ժողովը:
Ամերիկեան Ընկերութիւններու Ռուսիա Վերադարձը`
2025-ի Երկրորդ Քառամսեակի՞ն
Ռուսիոյ գերիշխանական հարստութեան սնտուկի նախագահ Ալեքսանտր Նովաք նախատեսեց, որ ամերիկեան ընկերութիւնները Ռուսիա վերադառնան 2025 թուականի երկրորդ քառասմսակին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ ռուսական ուղղակի ներդրումի սնտուկի նախագահ Քիրիլ Տիմիթրիեւ իր կարգին յայտնած է, թէ սնտուկը «կը նախատեսէ, որ ամերիկեան ընկերութիւնները ռուսական շուկայ վերադառնան 2025 թուականի երկրորդ քառամսեակին»:
Սակայն ան աւելցուց. «Ամերիկեան ընկերութիւններուն վերադարձի հոլովոյթը դիւրին պիտի չըլլայ»: Նախապէս ամերիկեան «Կոլտմըն Սաքս» եւ «Մաքինզի» ընկերութիւններուն մէջ աշխատած Տիմիթրիեւ նշեց, որ ամերիկեան ընկերութիւնները աշխարհի վրայ բնական հարստութիւններու մեծագոյն պահեստները ունեցող Ռուսիայէն դուրս գալով 324 միլիառ տոլարի վնաս կրած են:
Զելենսքի. «Թրամփ Ապակողմնորոշող Մթնոլորտի Մէջ Կ՛ապրի,
Եւ Երկիրս Պիտի Չծախեմ»
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որուն իբրեւ ամերիկացի ժողովուրդի ղեկավար շատ կը յարգենք, դժբախտաբար կ՛ապրի ապակողմնորոշող մթնոլորտի մէջ», եւ այդ ապակողմնորոշման «աղբիւրը Ռուսիան է»:
«Երկիրս պիտի չծախեմ», շեշտեց Զելենսքի, եւ անդրադառնալով Թրամփի այն քննադատութեան, թէ Ուքրանիոյ ամերիկեան օժանդակութիւններուն ճակատագիրը չի գիտեր, ըսաւ. «Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ մատակարարեց 67 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքեր, եւ ամավարկին 31,5 միլիառ տոլար օժանդակութիւն տրամադրեց: Ուաշինկթընի 500 միլիառ տոլարը իբրեւ մետաղ Ուքրանիայէն վերադարձնելու պահանջը լուրջ խօսք չէ»:
«Ուքրանական բանակը կարող է տոկալ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով Թրամփի այն յայտարարութեան, թէ ինք Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն մօտ վստահութեան 4 առ հարիւրի վարկանիշ ունի, Զելենսքի նշեց, որ չի մեկնաբաներ ընկերաբանական հարցումները, սակայն կը յիշեցնէ, որ ՔԻԻՍ-ի վերջին վարկանիշը ցոյց տուած է, որ ուքրանացիներուն 57 առ հարիւրը իրեն կը վստահի:
«Եթէ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ հիմա զիս փոխարինել, ապա ատիկա ճիշդ հիմա չի յաջողիր», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ 4 առ հարիւր վստահութեան մասին տեղեկութիւնը կու գայ Ռուսիայէն, եւ անիկա քննարկուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Ան ընդգծած է, որ այժմ թիւ մէկ խնդիրը վստահութեան վարկանիշը չէ, այլ այն, թէ Ուքրանիան ինչպէ՛ս կրնար պաշտպանուիլ ռուսական ռմբակոծումէն եւ ինչպէ՛ս վերադարձնել պատերազմական գերիները:
«Փաթրիոթ»-ներու թիւի յաւելման մասին հարցումիս Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատասխան չեմ լսած, թէեւ անընդհատ կը բարձրաձայնեմ», աւելցուցած է Զելենսքի:
Փութին. «Առաջին Քայլը Առինք Միացեալ Նահանգներու Հետ
Հասարակաց Հետաքրքրութեան Ոլորտներու,
Ներառեալ Միջին Արեւելքի Մէջ Աշխատանքը Շարունակելու»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները կ՛աշխատին տնտեսական, ուժանիւթի շուկաներու, անջրպետի եւ այլ ոլորտներու վերաբերող խնդիրներու վրայ»:
«Ռիատի բանակցութիւնները տեղի ունեցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ, եւ անոր արդիւնքները դրական էին», նշեց Փութին:
«Ուքրանական տագնապը կարելի չէ լուծել առանց Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ վստահութեան վերականգումին», ըսաւ ան` շեշտելով. «Ռիատի ռուս-ամերիկեան ժողովի նպատակը վստահութեան բարձրացումն է»:
«Առաջին քայլը առինք Միացեալ Նահանգներու հետ հասարակաց հետաքրքրութեան ոլորտներու, ներառեալ Միջին Արեւելքի շուրջ աշխատանքը շարունակելու», նշեց Փութին:
«Ռուսիան երբեք Եւրոպայի կամ Ուքրանիոյ հետ երկխօսութիւնը չէ մերժած, եւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններուն չի միջամտեր», յայտնեց Փութին` աւելցնելով. «Մեծ առաջնահերթութիւն կ՛ընծայենք Ուքրանիոյ մէջ կացութեան կարգաւորման»:
«Ռուսիան պատրաստ է Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու», յայտարարեց ան:
«Մեծ հաճոյքով պատրաստ եմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպելու, սակայն պատշաճ պատրաստութենէն ետք», նշեց Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Թրամփի հետ պարզապէս հանդիպիլը բաւարար չէ, այլ պէտք է աշխատանք տանիլ աւելի կարեւոր խնդիրներու վրայ, ներառեալ Ուքրանիոյ խնդիրը»:
«Թրամփ խոստացաւ ուքրանական տագնապը արագօրէն լուծել, սակայն փոխեց դիրքորոշումը նախագահի պաշտօնին վրայ տեղեկութիւններ ստանալէն ետք, ինչ որ բնական է», ըսաւ Փութին:
«Ռիատի ժողովին նկատմամբ ուքրանական հակազդեցութեան որեւէ արդարացում չկայ: Ոչ ոք Քիեւը բանակցային գործընթացէն բացառեց», ընդգծեց Ռուսիոյ նախագահը: