Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Պատրաստ Է, Անհրաժեշտութեան Պարագային, Ուքրանիա Խաղաղապահներ Ուղարկելու

March 8, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան պատրաստ է, անհրաժեշտութեան պարագային, Ուքրանիա խաղաղապահ զօրք ուղարկելու: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները:

«Այդ հարցը պիտի քննարկուի, եթէ շրջանային կայունութեան ու խաղաղութեան համար ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ», ըսած են աղբիւրները` նշելով, որ հարցին շուրջ, սակայն, յստակ որոշում չկայ:

Վերջին շրջանին Ուքրանիա խաղաղապահներ ուղարկելու մասին աշխուժօրէն կը խօսին եւրոպական երկիրները: Երբ մէկ տարի առաջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դրաւ այդ գաղափարը, քիչերը զայն պաշտպանեցին: Սակայն 19 փետրուարին Փարիզի մէջ եւրոպական երկիրներու արտակարգ հանդիպումէն ետք Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարեց, թէ Լոնտոն պատրաստ է Ուքրանիա զինուորներ ուղարկելու:

Շուէտն ու Նետերլանտները նշած են, որ «որոշ պայմաններու մէջ» կարելի է մասնակցին խաղաղապահ առաքելութեան: Սակայն Լեհաստանը, որ ունի մեծ բանակ, ըսած է, որ Վարշաւան Ուքրանիա զինուոր պիտի չուղարկէ:

Եւրոպական Միութեան միւս յառաջատար երկրի` Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին «ջղայնացուցած» են այս հարցին շուրջ «վաղաժամ» քննարկումները:

Ամերիկացի պաշտօնատարները արդէն քանի մը անգամ յստակ ըսած են, որ Միացեալ Նահանգները չեն պատրաստուիր մասնակցելու խաղաղապահ առաքելութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, սակայն, ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն դէմ չէ, եթէ Եւրոպական Միութիւնը այդ խաղաղապահ առաքելութիւնը իր ուսերուն վերցնէ:

Ըստ եւրոպական ծրագիրին, խաղաղապահները պէտք է տեղակայուին ոչ թէ սահմանին վրայ, այլ Ուքրանիոյ կարեւոր ենթակառոյցներուն մօտ` ստանալով Միացեալ Նահանգներու օդուժի եւ ծովուժի պաշտպանութիւնը: Մաքրոն ըսած է, որ այդ զօրքը կրնայ տեղակայուիլ կայուն խաղաղութեան հաստատումէն ետք միայն:

Նախորդը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ. Այսօր` Ֆութպոլի 2-րդ Շաբթուան Մրցումները

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Կազայի Վերաբերեալ Եգիպտական Ծրագիրը Թրամփի Ձգտումները Չի Բաւարարեր»

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.