Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ կը զօրակցի Ուքրանիոյ մէջ «օդի եւ ծովու մէջ» զինադադարի գաղափարին, որ առաջարկած էր անոր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքին: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
«Կը զօրակցինք` իբրեւ երկու կողմերուն միջեւ վստահութեան կառուցման քայլ, կարելի եղածին չափ շուտ գոյացնելու զինադադար մը եւ օդային ու ծովային յարձակումները դադրեցնելու», նշեց Էրտողան եւ անգամ մը եւս կրկնեց Ռուսիոյ ու Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները Թուրքիոյ մէջ հիւրընկալելու առաջարկը: