Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութեան ժողովի ծիրին մէջ իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան չգոյութիւնն ու անկայունութիւնը միայն ի շահ Իսրայէլի են եւ կ՛արտօնեն շահագործել ահաբեկչական ու ծայրայեղական խմբաւորումներն ու տարրերը:
Արաղչի անհրաժեշտ նկատեց իսլամական պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան ու համակարգման ամրապնդումը` դիմակայելու համար իսլամական աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, մանաւանդ արեւմտեան Ասիոյ մէջ:
Ան կոչ ուղղեց իսլամական աշխարհին կողմէ վճռական ու միասնական քայլեր որդեգրելու` արգիլելու համար գաղութատիրական սադրանքը` արգիլելու համար Կազայի բնակչութեան բռնի տեղահանումը եւ Այսրյորդանանի Իսրայէլի կցման ճամբով Պաղեստինի ջնջումը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան` Արաղչի նշեց այդտեղ արձանագրուող վերջին վտանգաւոր զարգացումները` ընդգծելով, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները պատասխանատու են սուրիացի ժողովուրդի բոլոր հատուածներու անվտանգութեան ու կեանքի պահպանման:
Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան չգոյութիւնն ու անկայունութիւնը միայն Իսրայէլին կը ծառայեն եւ կ՛արտօնեն ահաբեկչական ու ծայրայեղական խմբաւորումներու եւ տարրերու շահագործումը:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն, Արաղչի յայտնեց, որ անոնք իւրայատուկ են եւ հիմնուած իսլամ երկու մեծ ու դրացի ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ շահերու վրայ:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ այդ յարաբերութիւններու պահպանումը երկու երկիրներու պատասխանատուներուն հասարակաց պատասխանատուութիւնն են:
Արաղչի աւելի ուշ ԱՖՓ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը կը կասկածի, որ Թուրքիան եւ քանի մը այլ երկիրներ անմիջական ազդեցութիւն ունեցած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վրայ: Եւ հետեւաբար, այժմ ծագած խնդիրներու, ինչպիսիք են Իսրայէլի կողմէ սուրիական տարածքի լայնածաւալ բռնագրաւումը, անոր կողմէ Սուրիոյ ամբողջ պաշտպանական եւ գիտական ենթակառոյցներու ոչնչացումը եւ ատոր հետեւանքով գոյութիւն ունեցող բոլոր տագնապներուն պատասխանատուութիւնը, բնականաբար, կը կրեն անոնք, որոնք իրականացուցած են այդ փոփոխութիւններն ու զարգացումները:
Իրանը տագնապի մէջ չէ Թուրքիոյ հետ, մենք պիտի շարունակենք Թուրքիոյ հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները եւ շրջանային հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւնները»:


