Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Կազայի վերաբերեալ եգիպտական ծրագիրը չի բաւարարեր ձգտումները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որուն յատուկ պատուիրակը նախապէս ողջունեց Եգիպտոսի ջանքերը, սակայն շեշտեց, որ ներկայիս ծրագիրին մանրամասնութիւնները կը սերտուին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կազայի վերաբերեալ եգիպտական ծրագիրին շուրջ հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց. «Ձգտումները չի բաւարարեր»:
Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեցին. «Իսրայէլ Կազայի բնակիչները տեղահանելու ամերիկեան ծրագիրի գործադրութեան վրայ կ՛աշխատի»: