Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց. «Թուրքիան պիտի միանայ յետՕԹԱՆ-եան եւրոպական ապահովական ուխտին»:
Ֆիտան բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարմունքը մեզի համար սթափման հրաւէր է, որպէսզի մեզի յատուկ կշիռի կեդրոն որդեգրենք եւ նախագծենք»:
«Թուրքիան կ՛ուզէ մաս կազմել եւրոպական անվտանգութեան որեւէ նոր կառոյցի, եթէ ՕԹԱՆ-ի դաշինքը քայքայուի», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Նշենք, որ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը 5 մարտին հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը մտածէ ՕԹԱՆ-ի իր ղեկավարութենէն հրաժարիլ»: Օրաթերթը հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Ամերիկայի հեռացումէն ետք բրիտանացի կամ ֆրանսացի զօրավար մը ստանձնէ պաշտօնը»:
Միւս կողմէ, Ֆիտան «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնեց. «Հայըաթ Թահրիր Շամի սուրիական վարչակարգին վրայ կատարած յարձակումէն նախապէս տեղեակ չէինք»:
«Կը կարծեմ, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ այժմ աւելի լաւ կը հասկնայ այն հասարակութիւնը, որուն հետ գործ ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իտլիպի մէջ ծառայութիւններ տրամադրելու Շարհի փորձառութիւնը անոր արտօնեց տեսնելու, թէ կեանքը միայն պատերազմով չի սահմանափակուիր»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց. «Սուրիոյ վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներն ու զինուորական նոր շարժումները բացայայտ սադրանք են»:


