Լիբանանեան

Կառավարութեան Գործելաձեւի Բարեփոխումին  Իմաստով Վարչապետ Սալամ  Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարէ

Կառավարութեան Գործելաձեւի Բարեփոխումին Իմաստով Վարչապետ Սալամ Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարէ

Կառավարութենէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահութեամբ կառավարութիւնը նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին վարչապետ Սալամ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարուի եւ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը խիստ ու ամբողջական կերպով գործադրուի: Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը սկսած է գործադրուիլ` աւելցնելով, որ վարչապետ Սալամ կառավարութեան ներկայացուցած է Միւնիխի մէջ...

«Եոհան»-ի Ուժգնութիւնը  Հետզհետէ Կը Նուազի

«Եոհան»-ի Ուժգնութիւնը Հետզհետէ Կը Նուազի

Լիբանանը հարուածող «Եոհան» ձիւնամրրիկին ուժգնութիւնը հետզհետէ կը նուազի, լեռներուն վրայ եւ գիւղերուն մէջ առատ ձիւն, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ մեծաթիւ աւերներ ձգելով իր ետին: Կը նախատեսուի, որ այսօրուընէ սկսեալ փոթորիկը գրեթէ աւարտի, սակայն Պէյրութի մէջ ջերմաստիճանը պիտի շարունակէ տարուբերիլ 9-11-ի միջեւ, իսկ գիւղերուն մէջ պիտի հասնի մինչեւ զերոյի: Նախորդ երկու օրերուն ընթացքին տեղատարափ անձրեւները շարունակուեցան, իսկ ծովուն մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան...

Կեցուածքներ` Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան  10-Ամեակին Առիթով Կեցուածքներ

Կեցուածքներ` Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 10-Ամեակին Առիթով Կեցուածքներ

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Ժ. տարելիցին առիթով այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպութեամբ պիտի կատարուի յիշատակի ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Պիել»-ի մէջ: Այս առիթով, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր հայրը սպաննողը զայն ֆիզիքապէս սպաննած է եւ ոչ մէկ վնաս կրցած է հասցնել անոր ուղեգիծին: Ռաֆիք Հարիրիի կինը` Նազեք Հարիրի, իր...

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան  Նիստի Թուական Ճշդեց 18 Փետրուարը

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Թուական Ճշդեց 18 Փետրուարը

Դեսպան Ալի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը ողջունեց սուրիական բանակին արձանագրած...

Զօր. Աուն Ընդունեց  Ուաէլ Ապու Ֆաուրը

Զօր. Աուն Ընդունեց Ուաէլ Ապու Ֆաուրը

Ապու Ֆաուր եւ զօր. Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նեղացած է քրիստոնեայ (մարոնի) քաղաքական ուժերուն միջեւ կատարուած երկխօսութենէն:...

Մուքպել – Ռահմէ Հանդիպում

Մուքպել – Ռահմէ Հանդիպում

Մուքպել եւ Ռահմէ Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Ռաս Պաալպեքի մէջ տիրող կացութիւնը: Ռահմէ Մուքպելի փոխանցեց, որ Ռաս Պաալպեքի բնակչութիւնը գոհունակ եւ ապահով կը զգայ լիբանանեան բանակին գոյութեամբ եւ անոր արձանագրած նուաճումներով, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ամէն իմաստով զօրակցելու բանակին: Հանդիպումին ընթացքին...

Պութրոս Հարպ. «Քաղաքապետարաններուն  Յատկացուելիք Բջիջային Հեռաձայնի  Հաղորդակցութիւններէն Գոյացած Շահերը  Փոխանցուեցան Ելեւմուտքի Նախարարութեան»

Պութրոս Հարպ. «Քաղաքապետարաններուն Յատկացուելիք Բջիջային Հեռաձայնի Հաղորդակցութիւններէն Գոյացած Շահերը Փոխանցուեցան Ելեւմուտքի Նախարարութեան»

Հարպ` մամլոյ ասուլիսին պահուն Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութիւններէն գոյացած գումարները, որոնք պէտք է քաղաքապետարաններուն յատկացուին, արդէն իսկ փոխանցուած են ելեւմուտքի նախարարութիւն: Հարպ աւելցուց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախկին երկու նախարարները 2010-էն ի վեր մերժած են քաղաքապետարաններուն գումարները յատկացնել եւ այդ գումարները Կեդրոնական դրամատան մէջ նախարարութեան համար անձնական հաշիւի մը ներքեւ զետեղած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր Մուսթաքպալ հոսանքին յանձնեց երկու զրահապատ ինքնաշարժներ եւ իր ընկերակցութեան նպատակով տրամադրուած թիկնապահներ: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին տիրած է ելեկտրականացած մթնոլորտ` աւելցնելով սակայն, որ այդ մթնոլորտը կառավարութեան քայքայումին իմաստով կարելի չէ սպառնալիք մը նկատել: Ան կոչ ուղղեց անմիջապէս հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ,...

«Եոհան». Իսկական Փոթորիկ Մը,  Որուն Պիտի Յաջորդէ Սաստիկ Ցուրտը

«Եոհան». Իսկական Փոթորիկ Մը, Որուն Պիտի Յաջորդէ Սաստիկ Ցուրտը

«Եոհան» դարձաւ իսկական փոթորիկ մը, որ պատճառեց տեղատարափ անձրեւներ, ծովուն մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց, ծովուն ալիքները 6 մեթր բարձրացան, ծառեր արմատախիլ դարձան, ծանուցումներու հսկայ պաստառներ փուլ եկան, ինչպէս նաեւ ջերմաստիճանը նուազեցաւ 3-ի եւ 4-ի: «Եոհան», որ Լիբանան հասած էր Պալքաններէն, միախառնուած էր Սինայի անապատներուն աւազամրրիկին եւ այդ պատճառով ալ իբրեւ ցեխ հասած էր Լիբանան: «Եոհան» պատճառեց նիւթական մեծ...

Վարչապետարանին Մէջ.   Լիբանանի Մէջ Գիւղական Զբօսաշրջութեան  Ռազմավարութեան  Գործադրութեան Սկիզբի Յայտարարութիւն

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանի Մէջ Գիւղական Զբօսաշրջութեան Ռազմավարութեան Գործադրութեան Սկիզբի Յայտարարութիւն

Ռազմավարական ծրագիրի յայտարարութենէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ սկիզբը յայտարարուեցաւ Լիբանանի մէջ գիւղական զբօսաշրջութեան ռազմավարութեան գործադրութեան: Վարչապետին կողքին ներկայ էին նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ եւ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի: Վարչապետ Սալամ ընդգծեց գիւղական կեանքի պարզութեան, աւանդութիւններուն եւ...

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի,  Իսկ Պեքաայի Ապահովական Ծրագիրը  Մօտիկ Ապագային Պիտի Գործադրուի»

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի, Իսկ Պեքաայի Ապահովական Ծրագիրը Մօտիկ Ապագային Պիտի Գործադրուի»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ երկխօսութեան յաջորդ նիստին թուականը աւելի ուշ կարելի պիտի ըլլայ ճշդել: Պըրրի յայտնեց, որ հաւանաբար երկխօսութեան յաջորդ նիստին ընթացքին քննարկումի առարկայ դառնայ նախագահական ընտրութիւնը: Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ...

«Ռաֆիք Հարիրի» Հիւանդանոցին Պաշտօնեաները  Պիտի Շարունակեն Իրենց Բողոքի Նստացոյցը

«Ռաֆիք Հարիրի» Հիւանդանոցին Պաշտօնեաները Պիտի Շարունակեն Իրենց Բողոքի Նստացոյցը

«Ռաֆիք Հարիրի»-ի անուան Պէյրութի պետական հիւանդանոցին պաշտօնեաները երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց բողոքի նստացոյցը, մինչեւ որ կառավարութիւնը ստանձնէ այդ թղթածրարին քննարկումը եւ հիւանդանոցը իր ներկայ ճգնաժամային վիճակէն փրկելու ծրագիր մը մշակէ: Պաշտօնեաները հաստատեցին, որ հիւանդանոցը եւ անոր ենթակառոյցը կարիքը ունի նորոգութեան, իսկ անոնք պէտք է մաս կազմեն առողջապահութեան նախարարութեան: Անոնք շեշտեցին, որ Պէյրութի երեսփոխանները...

Խալետ Տահեր Կը Հրաժարի  Մուսթաքպալ Պլոքէն

Խալետ Տահեր Կը Հրաժարի Մուսթաքպալ Պլոքէն

Խալետ Տահեր Երեսփոխան Խալետ Տահեր երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ գտնուող իսլամական դրօշակներուն դէմ գործուած յարձակումներէն եւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի կողմէ տրուած որոշումէն ետք, որ շրջանին մէջ քաղաքական եւ կրօնական բոլոր կարգախօսները, լուսանկարներն ու դրօշակները պէտք է վերցուին, ինք դատապարտած է բոլոր համայնքներուն կրօնական խորհրդանիշներուն դէմ գործուած ոտնձգութիւնը: «Սակայն իմ...

Իսրայէլեան Գործակալ Մը Ձախողեցուցած Է Օլմերթը Ահաբեկելու Հըզպալլայի Գործողութիւնը

Հըզպալլայի մօտիկ քաղաքական աղբիւրներու համաձայն, Հըզպալլա ծրագրած էր Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթի սպանութիւնը` իբրեւ պատասխան Իսրայէլի կողմէ 12 փետրուար 2008-ին Հըզպալլայի զինուորական թեւի պատասխանատու Իմատ Մուղնիէի սպանութեան (Տեսնել Լիբանանեան Կեանք), սակայն իսրայէլեան գործակալ Մոհամետ Շորպա բացայայտած է Հըզպալլայի ծրագրած գործողութիւնը եւ հետեւաբար ձախողեցուցած է զայն: Ըստ նոյն աղբիւրին, Հըզպալլայի կողմէ ծրագրուած ապահովական լուրջ գործողութիւններ, որոնց կարգին նաեւ Օլմերթի սպանութիւնը,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զայէտ կոչ ուղղեց նախագահական աթոռը թափուր պահելու ծրագիրին վերջ տալու եւ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու: «ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Թուրքիոյ մէջ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկած է սուրիական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:...

Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Մաթար  Եպիսկոպոս Նախագահեց Մար  Մարոնի Տօնի Պատարագին

Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոս Նախագահեց Մար Մարոնի Տօնի Պատարագին

Մար Մարոնի տօնին առիթով, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը նախանցեալ օր Ժմմայզէի Մար Մարոն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, վարչապետ Թամմամ Սալամ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, նախարարներ Նուհատ Մաշնուք, Սըժաան Քազզի, Պութրոս Հարպ, Ռեմոն Արայժի,...

Պըրրի. «Իմամ Մուսա Սատըրի Մասին  Վերջերս Կատարուած  Յայտարարութիւնները Անճիշդ Են»

Պըրրի. «Իմամ Մուսա Սատըրի Մասին Վերջերս Կատարուած Յայտարարութիւնները Անճիշդ Են»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհի հանրային կարծիքը պէտք է իմանայ, որ իմամ Մուսա Սատըրի մասին վերջերս կատարուած յայտարարութիւնները անճիշդ են: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 2012-ին Սարայեւոյի մէջ գտնուած դիակի մը վրայ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւն մը կատարուած է. այդ քննութեան արդիւնքը փաստած է, որ այդ դիակը լիպիացի ընդդիմադիր Մանսուր Քիխիայի...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը  Կոչ Կ՛ուղղէ Պէյրութի Նաւահանգիստին  Թղթածրարը Փոխանցելու Կառավարութեան

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Պէյրութի Նաւահանգիստին Թղթածրարը Փոխանցելու Կառավարութեան

Իպրահիմ Քանաան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ներկայիս գործող յանձնախումբը գոյութիւն չունի, հետեւաբար նաւահանգիստին թղթածրարը պէտք է փոխանցել կառավարութեան: Քանաան նշեց նաեւ, որ համախմբումը քննարկած է նաեւ բջիջային հեռաձայնի շահերէն գոյացած գումարները քաղաքապետարաններուն փոխանցելու հարցը`...

Վարչապետարանին Մէջ .  «Նախագահական Թափուր  Աթոռը Վերածուած Է  Սահմանադրական Տագնապի»   Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Վարչապետարանին Մէջ . «Նախագահական Թափուր Աթոռը Վերածուած Է Սահմանադրական Տագնապի» Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Ապու Ֆաուր եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս...

Page 972 of 985 1 … 971 972 973 … 985

Արխիւներ