Լիբանանը հարուածող «Եոհան» ձիւնամրրիկին ուժգնութիւնը հետզհետէ կը նուազի, լեռներուն վրայ եւ գիւղերուն մէջ առատ ձիւն, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ մեծաթիւ աւերներ ձգելով իր ետին:
Կը նախատեսուի, որ այսօրուընէ սկսեալ փոթորիկը գրեթէ աւարտի, սակայն Պէյրութի մէջ ջերմաստիճանը պիտի շարունակէ տարուբերիլ 9-11-ի միջեւ, իսկ գիւղերուն մէջ պիտի հասնի մինչեւ զերոյի:
Նախորդ երկու օրերուն ընթացքին տեղատարափ անձրեւները շարունակուեցան, իսկ ծովուն մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց:
Տահր Պայտարի, Ժըպ Ժըննինի, Քֆարզըպիանի, Քըպ Էլիաս-Մաշղարայի, Տուհուր Շուէյրի եւ Պթըղրինի ճամբաները բաց մնացին շղթայով օժտուած անիւներ ունեցող ինքնաշարժներուն դիմաց, իսկ Թարշիշ-Զահլէ, Պարքա-Այնաթա, Հերմել-Քամուհա, Ույուն Սիման, Հատաս-Պաալպեք, Մաասեր Շուֆ-Քըֆրայա ճամբաները փակ մնացին` ձիւնին պատճառով:
Սայտայի եւ Սուրի նաւահանգիստներուն մէջ «Եոհան» ահաւոր վնասներ պատճառեց ձկնորսներուն նաւակներուն:
Միւս կողմէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ ուղղուեցաւ Տըպպայէ` ստուգելու համար փուլ եկած ծովային ճամբան:
Ան շեշտեց, որ այդ ճամբուն հասած վնասներուն համար ոչ ոք կարելի է մեղադրել` աւելցնելով, որ անոր փուլ գալուն պատճառը պարզապէս նորոգութիւններ կատարելու իմաստով թերացումին մէջ չի կայանար:
Զաայթեր շեշտեց, որ նախանցեալ օր շինարարական ընկերութեան մը պարտականութիւն տրուեցաւ վերանորոգելու այդ ճամբան` աւելցնելով, որ աւելի ուշ ճամբան ամբողջովին պիտի շինուի: