Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանի Մէջ Գիւղական Զբօսաշրջութեան Ռազմավարութեան Գործադրութեան Սկիզբի Յայտարարութիւն

Փետրուար 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
21115_Salam-Attends-a-Tourism-Conference-at-the-Grand-Serail-8
Ռազմավարական ծրագիրի յայտարարութենէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ սկիզբը յայտարարուեցաւ Լիբանանի մէջ գիւղական զբօսաշրջութեան ռազմավարութեան գործադրութեան:

Վարչապետին կողքին ներկայ էին նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ եւ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց գիւղական կեանքի պարզութեան, աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն պահպանումին կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ տակաւին կատարելագործուելու կարօտ զբօսաշրջութեան ծրագիրը պիտի գործադրուի նաեւ գիւղերուն պարագային:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ գիւղական զբօսաշրջութեան ռազմավարութիւնը եկած է ընդարձակելու զբօսաշրջութեան մարզը:

Ան շեշտեց, որ առանց ապահովութեան զբօսաշրջութիւն գոյութիւն չունի` նշելով, որ այս շրջագիծին մէջ շատ բան փոխուած է եւ շարք մը յաջողութիւններ արձանագրուած են:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան իր վայելած ապահովական կայունութիւնը կը պարտի իր զինեալ ուժերուն, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կառոյցներուն, որոնք բացառիկ համագործակցութեամբ կը կասեցնեն Լիբանանը ապահովական ցնցումներու թիրախ դարձնելու փորձերը:

«Սակայն Լիբանան տակաւին կը գտնուի քաղաքական ճգնաժամի մէջ եւ այս վիճակին միակ ելքը նախագահական ընտրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ», ըսաւ Սալամ:

Վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութեան ձգտումները մեծ են` մաղթելով, որ Լիբանանի դիմադրողականութիւնը կարելի ըլլայ ամրացնել: «Իսկ Լիբանանի մէջ գիւղական զբօսաշրջութեան ռազմավարութեան սկիզբի յայտարարութիւնը կը նուիրեմ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Ժ. տարելիցի յիշատակին», շեշտեց վարչապետ Սալամ:

Այս առիթով զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ իրենց նպատակն է, որ Լիբանանի մէջ գիւղական զբօսաշրջութիւնը ներքին զբօսաշրջութեան մարզ մը ըլլալէ դադրի եւ վերածուի արտաքին զբօսաշրջութեան:

Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի կոչ ուղղեց զօրակցելու զբօսաշրջութեան ամբողջական բարգաւաճման:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժանայ:

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ընդգծեց, որ երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը հիմնական ազդակներ են` Լիբանանի մէջ գիւղական զբօսաշրջութեան ռազմավարութեան գործադրութեան գծով:

Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք կոչ ուղղեց ամրապնդելու երկրին տնտեսական, ընկերային եւ կենսոլորտային հաւասարակշռութիւնը:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակուի, Իսկ Պեքաայի Ապահովական Ծրագիրը Մօտիկ Ապագային Պիտի Գործադրուի»

Յաջորդը

«Եոհան». Իսկական Փոթորիկ Մը, Որուն Պիտի Յաջորդէ Սաստիկ Ցուրտը

RelatedPosts

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Ապրիլ 1, 2023
Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Ապրիլ 1, 2023
Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի  Երանացման Ուղիին Վրայ
Լիբանանեան

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In