Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Իմամ Մուսա Սատըրի Մասին Վերջերս Կատարուած Յայտարարութիւնները Անճիշդ Են»

February 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21015_BerriԽորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհի հանրային կարծիքը պէտք է իմանայ, որ իմամ Մուսա Սատըրի մասին վերջերս կատարուած յայտարարութիւնները անճիշդ են:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 2012-ին Սարայեւոյի մէջ գտնուած դիակի մը վրայ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւն մը կատարուած է. այդ քննութեան արդիւնքը փաստած է, որ այդ դիակը լիպիացի ընդդիմադիր Մանսուր Քիխիայի դիակն է:

Պըրրի նշեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարին մասին միակ վստահելի կողմը այդ հարցով կազմուած պաշտօնական յանձնախումբն է, որ բոլորին վստահութիւնը կը վայելէ եւ Իմամ Սատըրի թղթածրարին հետ կը գործէ այնպէս, ինչպէս որեւէ առեւանգումի պարագայ:

Հաղորդագրութեան եզրափակումին մէջ նշուեցաւ, որ նկատի ունենալով այս մասին  վերջերս կատարուած զրպարտութիւնները, անոնց պատասխանատուները պիտի հետապնդուին:

Խորհրդարանի նախագահը հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ յաջորդ հանդիպումին թուականը տակաւին անորոշ է` հաւանական նկատելով, որ անիկա տեղի ունենայ 14 փետրուարէն ետք:

Պըրրի յայտնեց, որ այդ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Այս առումով Պըրրի շեշտեց, որ ինք համաձայն է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի այն կեցուածքին, որ նախագահական ընտրութիւնը միայն քրիստոնէական պատասխանատուութիւն չէ, այլեւ` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն պատասխանատուութիւնը:

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Պէյրութի Նաւահանգիստին Թղթածրարը Փոխանցելու Կառավարութեան

Յաջորդը

Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոս Նախագահեց Մար Մարոնի Տօնի Պատարագին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.