ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զայէտ կոչ ուղղեց նախագահական աթոռը թափուր պահելու ծրագիրին վերջ տալու եւ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Թուրքիոյ մէջ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկած է սուրիական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առողջապահական չափանիշներով ուտեստեղէն ունենալու արշաւը նախ եւ առաջ նախարարութեան քաղաքականութիւնն էր, իսկ հիմա ան դարձաւ կառավարութեան քաղաքականութիւնը:
ԻՐԱՆԵԱՆ «Քիհան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ օրական հազար հրթիռ կրնայ արձակել:
Ըստ նոյն օրաթերթին, Իսրայէլի առթած վախը հաւասարակշռելը տակաւին Դիմադրութեան շահերուն կը ծառայէ:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Լիբանանը կը զգուշացնէ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ անոր դէմ կատարուելիք ահաբեկչական գործողութիւններէն:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ գաղտնի սպասարկութեան աղբիւրներ հաստատած են, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ահաբեկիչ (նախապէս շէյխ) Ահմետ Ասիր կը ծրագրէ Հըզպալլան ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ դարձնել Պէյրութի մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամահ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ երկխօսութիւնը խորքային է եւ ոչ թէ մակերեսային, հետեւաբար անոր պէտք եղած ժամանակը պիտի յատկացուի: Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Ապի Լամահ նշեց, որ անիկա շրջանային տարողութիւն ունի:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան մուտք գործող սուրիացիներուն թիւը օրական 15 հազարէն նուազած է 700-ի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Պեքաայի ապահովական ծրագիրը պատրաստ է եւ որեւէ ատեն` նոյնիսկ նախքան շաբաթավերջը կրնայ գործադրուիլ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Ժ.տարելիցին առիթով արտասանելիք խօսքին մէջ նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւն մը պիտի չառաջադրէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երկուշաբթի, 16 փետրուար 2015-ին պիտի արտասանէ խօսք մը` Դիմադրութեան նահատակ ղեկավարներուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին:
«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, անձնասպանական գործողութեան երկու հեղինակներ Քալամունէն ուղղուած են Սայտա` ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարելու նպատակով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն` աշխուժացնելու իրարու միջեւ սկսած երկխօսութիւնը` կատարելու համար նախագահական ընտրութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ կատարուած երկխօսութիւնը չի կրնար նախագահական ընտրութեան գծով որոշում տալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը ոչ մէկ կապ ունի Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան հետ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ իրենք կ՛ողջունեն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը, որ կը ծառայէ քրիստոնեաներուն շահերուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը գրեթէ հասած է իր աւարտին` աւելցնելով, որ անիկա պիտի պսակուի Սամիր Ժահժահի եւ զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր ցաւ յայտնեց, որ միջքրիստոնէական տարակարծութիւնը արտօնէ ոմանց չափազանցելու իրենց կեցուածքներուն մէջ:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան Լիբանանի ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ շարունակուող երկխօսութիւնը դրական քայլ մը կը նկատուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ որդեգրուած ապահովական ծրագիրը զինուորական արշաւ մը չի նկատուիր, այլ ապահովական մնայուն եւ հետեւողական առաքելութիւն:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր մակարդակներուն վրայ բարձր կարողութիւններ ունի, հակառակ իր ունեցած սահմանափակ միջոցներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի նշեց, որ Պեքաայի ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը այդքան ալ մօտալուտ չէ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենց հայեցողութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան հզօր նախագահն է, իսկ եթէ ան նախագահ պիտի չդառնայ, ապա իրենք կը նախընտրեն, որ նախագահական աթոռը թափուր մնայ:
ՇԷՅԽ Աֆիֆ Նապուլսի յայտնեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը իսլամութեան եւ ամբողջ մարդկութեան համար վտանգաւոր երեւոյթ մըն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի մաղթեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ եւ նախագահական ընտրութիւնը կարելի դառնայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, զօր. Միշել Աունի եւ Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը մօտալուտ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ դեսպանատունը անհրաժեշտ բոլոր նախազգուշութիւններուն դիմած է` դեսպանատան դէմ ապահովական սպառնալիքները դիմակայելու առումով: