
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Ռաս Պաալպեքի մէջ տիրող կացութիւնը:
Ռահմէ Մուքպելի փոխանցեց, որ Ռաս Պաալպեքի բնակչութիւնը գոհունակ եւ ապահով կը զգայ լիբանանեան բանակին գոյութեամբ եւ անոր արձանագրած նուաճումներով, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ամէն իմաստով զօրակցելու բանակին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Պեքաայի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրը, որ շրջանի բնակիչներուն ապահովութիւն ներշնչած է: