Ռայի Պատրիարք – Ժիրօ Հանդիպում
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրոյի հետ` ներկայութեամբ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փոլ Քալիկըր եպիսկոպոսին եւ Վատիկանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ժուպերի: Մարոնի պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Ժիրօ...












