
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը ողջունեց սուրիական բանակին արձանագրած յաջողութիւնները` աւազակախումբերուն եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մղուած պատերազմին ընթացքին:
Ալի յայտնեց, որ սուրիական բանակին արձանագրած յաջողութիւնները շրջանին սպառնացող ահաբեկչութեան մարտահրաւէրին դէմ արձանագրուած նուաճումներ են` աւելցնելով, որ իրենք քննարկած են լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները:
«Պըրրի մաղթեց, որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ կերպով ընթանան եւ երկու բանակներուն ու կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութիւն արձանագրուի` դիմադրելու համար ահաբեկչութեան:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Սալահ Հընէյն: