ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր Մուսթաքպալ հոսանքին յանձնեց երկու զրահապատ ինքնաշարժներ եւ իր ընկերակցութեան նպատակով տրամադրուած թիկնապահներ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին տիրած է ելեկտրականացած մթնոլորտ` աւելցնելով սակայն, որ այդ մթնոլորտը կառավարութեան քայքայումին իմաստով կարելի չէ սպառնալիք մը նկատել: Ան կոչ ուղղեց անմիջապէս հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին Լիբանան ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ սկսած երկխօսութիւնը խոստմնալից է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը դրական է` աւելցնելով, որ Լիբանան կ՛ապրի քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան մթնոլորտի մը մէջ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան ճակատագիրին մասին մտահոգուելու կարիք չկայ, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերը չեն փափաքիր պառակտել զայն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի պիտի մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքին անդամ երկիրներուն ապահովական ղեկավարներուն նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 18 եւ հինգշաբթի, 19 փետրուարին, Ռիատի մէջ: Կը նախատեսուի, որ զօր. Քահուաժի հանդիպումներ ունենայ նաեւ սէուտցի պատասխանատուներու հետ: