Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարցի Լուծման Դրական Նշոյլներ
«Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին կապուած հաղորդակցութիւնները յաջողած են կարգ մը բարդութիւններ շրջանցել: Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարի պատասխանատու, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ուղղուեցաւ Քաթար` հանդիպում մը ունենալու Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ, քննարկելու համար առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն վերաբերող զարգացումները: Իր կարգին, շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի (Ապու Թաքիէ) «Մարքազիէ»...

















