Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոս Նախագահեց Մար Մարոնի Տօնի Պատարագին

Փետրուար 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

21015_matarՄար Մարոնի տօնին առիթով, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը նախանցեալ օր Ժմմայզէի Մար Մարոն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, վարչապետ Թամմամ Սալամ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, նախարարներ Նուհատ Մաշնուք, Սըժաան Քազզի, Պութրոս Հարպ, Ռեմոն Արայժի, Աշրաֆ Ռիֆի եւ Միշել Ֆարաոն, մեծ թիւով երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններ, որոնց շարքին` պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ, մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Մահմուտ Քումաթիի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Մաթար եպիսկոպոս իր արտասանած քարոզին մէջ ցաւ յայտնեց Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռին համար` մերժելով երկրին նախագահական ընտրութիւնը կապել շրջանային իրադարձութիւններուն:

«Նախագահական ընտրութիւնը այս կամ այն պետութեան դիմագրաւած տագնապին լուծման կապելը սխալ է», ըսաւ մաթար եպիսկոպոս:

Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան որեւէ արտաքին միջամտութիւն խիստ մերժելի է` աւելցնելով, որ պահանջուած է կարող հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ լիբանանցիներուն հպարտութիւնը դառնալ:

Իրենց կարգին, վարչապետ Սալամ եւ նախկին նախագահ Միշել Սլէյման մաղթեցին, որ ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Նախորդը

Պըրրի. «Իմամ Մուսա Սատըրի Մասին Վերջերս Կատարուած Յայտարարութիւնները Անճիշդ Են»

Յաջորդը

«Երկիրները Սահմանադրական Համակարգային Փոփոխութիւններով Կրցած Են Ժողովրդավարութիւն Հաստատել» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?