Մուքպել Զօր. Քահուաժիի Եւ Քաակի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրադարձութիւնները
Մուքպել եւ Քաակ Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կարիքները: Միւս կողմէ, Մուքպելի այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որ փոխվարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը: Քաակ գնահատեց Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի նման կարգ...

















