ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Հըզպալլայի բարձրաստիճան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, երեսփոխան Ալի Մըքտատ, նախկին երեսփոխան Ամին Շըրրի եւ քաղաքական խորհուրդի անդամներ Մահմուտ Քումաթի եւ Ալի Տահեր:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի Կեդրոնական կոմիտէին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հըզպալլայի ղեկավարութեան` անոր այցելութեան առիթով:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան զանազան մարզերը յուզող հարցերը` շեշտելով նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համախոհութիւնը պահպանելով` կառավարութեան աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, պայմանաւ սակայն, որ այդ մէկը չշահագործուի հարցերը կասեցնելու նպատակով:
Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ քննարկուած են նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ շրջանին ու յատկապէս լիբանանեան սահմաններուն վրայ գտնուող հաւատադրժողական խմբաւորումներուն սպառնացած վտանգները:
«ՀՅԴ եւ Հըզպալլա համակարծիք գտնուեցան այս վտանգներուն դէմ պայքարելու եւ երկփեղկումը արգիլելու առումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կան ահաբեկչական հին ու դժոխային ծրագիրներ, որոնք վերանորոգուած են մէկ մետալին երկու երեսները նկատուող Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Իր կարգին, Սէյիտ Իպրահիմ Սէյիտ ըսաւ, թէ նախ եւ առաջ կը շնորհաւորէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր կատարած նոր ընտրութեան համար` մաղթելով որ Դաշնակցութիւնն ու անոր ղեկավարութիւնը շարունակեն վարել իրենց դրական ազգային դերակատարութիւնը` զանազան կողմերու միջեւ հեռաւորութիւնները մեղմացնելու նպատակով:
Միւս կողմէ Սէյիտ աւելցուց. «Այս հանդիպումին լոյսին տակ մեզի համար յստակ կը դառնայ, թէ կարելի չէ լիբանանեան իրադարձութիւններէն անջատուիլ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը անջատել շրջանէն: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է պատասխանատուութեամբ վարուիլ այս հանգրուանին եւ միասնականութեամբ պայքարիլ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ` նկատի ունենալով, որ անոր վտանգները կը սպառնան բոլորիս», յայտնեց Սէյիտ:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան,` ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ նախագահական ընտրութեան ուշացումը:
Սէյիտ հաստատեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի երկխօսութեան եւ համաձայն է, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարուի քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ եւ հասարակ յայտարարներու գոյութեամբ:
Ան նշեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կատարեալ լրջութեամբ կը վարուի այդ երկխօսութեան հետ: Սէյիտ յայտնեց նաեւ, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան ընթացքին դրական արդիւնքներ կ՛ակնկալուին: