Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին երէկ Քուրայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ղովմի կուսակցութեան կազմակերպած լսարանին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային, շրջանային եւ լիբանանեան առումով Մոսկուայի քաղաքական կեցուածքներուն:
Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա ճիգ չի խնայեր Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը ապահովելու առումով:
Ռուսիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան առումով Զասիփքին շեշտեց, որ վերջերս դէպի Լիբանան ռուսական զէնքերու ներածման համաձայնագիրը վերանորոգուած է, ռուսական զէնքը Լիբանան հասցնելու կարելիութիւններ ստեղծուած են եւ այդ իմաստով կարելի եղած է շօշափելի արդիւնքներու յանգիլ:
Ան աւելցուց, որ կան որոշ գումակային դասաւորումներ, որոնց լոյսին տակ ռուսական զէնքերը մօտիկ ապագային պիտի հասնին Լիբանան: