Լիբանանեան

Ամոս Կոչ Ուղղեց Յաւելեալ  Օժանդակութիւն Տրամադրելու Լիբանանին

Ամոս Կոչ Ուղղեց Յաւելեալ Օժանդակութիւն Տրամադրելու Լիբանանին

Վալերի Ամոս ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու եւ արտակարգ իրավիճակի ընդհանուր քարտուղար Վալերի Ամոս աւարտեց Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը եւ կոչ ուղղեց յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին` օժանդակելու համար անոր ապահովական կայունութեան պահպանումին: Ամոս հաստատեց, որ պէտք է զօրակցիլ Լիբանանին եւ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել անոր` նկատի ունենալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մեծ թիւը:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ապի Սամրա արհեստից դպրոցին մէջ շաբաթավերջին արձանագրուեցաւ հաւաքական թունաւորումի պարագայ մը, որուն մասին հետաքննութիւնները բացայայտեցին, թէ 50 աշակերտները թունաւորուած են պանիրով քրուասանէն: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք հպարտ կը զգան, որ Իսրայէլին դէմ դնող հիմնական ուժն են: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան երկխօսութեան սկզբունքին եւ...

Աշխատանքի Նախարարը Կը Յայտարարէ  «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի  Պաշտօնեաներուն Հարցին Լուծումը

Աշխատանքի Նախարարը Կը Յայտարարէ «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի Պաշտօնեաներուն Հարցին Լուծումը

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի պաշտօնեաներուն հարցը լուծուած է: Ան նշեց, որ 197 պաշտօնեաներէն 47-ը վերադարձած են իրենց աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ ոչ ոք յաղթական դուրս կու գայ, երբ լիբանանցի պաշտօնեաներ աշխատանքէ կ՛արձակուին, յատկապէս երբ երկիրը կը դիմագրաւէ անգործութեան ալիք մը: «Հետեւաբար պէտք է համեստ ըլլալ եւ յայտնել, թէ այս...

Պըրրի Ապու Սաապի Հետ  Քննարկեց Կրթական Հարցեր

Պըրրի Ապու Սաապի Հետ Քննարկեց Կրթական Հարցեր

Ապու Սաապ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց կրթութեան նախարարութեան եւ յատկապէս Լիբանանեան համալսարանին  վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ Պըրրի ճշդած է Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին հետ կատարուելիք հանդիպում մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին: Ապու...

Մաշնուք – Հէյլ Հանդիպում

Մաշնուք – Հէյլ Հանդիպում

Մաշնուք եւ Հէյլ Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ իր կատարելիք այցելութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ Մաշնուքի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական մարզին մէջ գործակցելու կարելիութիւնները: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ...

Վարչապետ Սալամ Ստանձնեց Արաբական  Լիկայի Նիստին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Վարչապետ Սալամ Ստանձնեց Արաբական Լիկայի Նիստին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Դեսպան Զայետ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որմէ ստանձնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ իրեն յղուած հրաւէր մը` մասնակցելու Արաբական լիկայի նիստին: Հանդիպումէն ետք Զայետ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող մարտահրաւէրները: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քեթրին Պորա....

Զօր. Քահուաժի. «Լիբանանեան Բանակը  Բոլոր Լիբանանցիներուն Է  Եւ Քաղաքական Տագնապին Մաս Պիտի Չկազմէ»

Զօր. Քահուաժի. «Լիբանանեան Բանակը Բոլոր Լիբանանցիներուն Է Եւ Քաղաքական Տագնապին Մաս Պիտի Չկազմէ»

Զօր. Քահուաժի Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը բոլոր լիբանանցիներուն է, երկրին քաղաքական տագնապին մաս պիտի չկազմէ եւ այս կամ այն ուժին համար խաղալիք պիտի չդառնայ: Ան նշեց, որ պետական թէ քաղաքական դիրքերու տիրանալու առումով անձնական պահանջներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անհիմն են: «Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը կը գիտակցի իր պարտականութիւններուն եւ մասնագիտական կերպով ծրագրած է...

Ֆրանչիսկոս Պապը Ընդունեց  «Ինթըրփոլ»-ի Նախագահը

Ֆրանչիսկոս Պապը Ընդունեց «Ինթըրփոլ»-ի Նախագահը

Մըր եւ Ֆրանչիսկոս պապը Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Ինթըրփոլ»-ի նախագահ, նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց Արեւելքի քրիստոնեաներուն սպառնացող վտանգներն ու սպառնալիքները: Հանդիպումին ընթացքին Մըր ներկայացուց աշխարհին մէջ կրօնական աւանդութիւնները պահպանելու նպատակով «Ինթըրփոլ»-ի մշակած ռազմավարութիւնը, որուն գործադրութիւնը պիտի կատարուի Վատիկանին գործակցութեամբ: Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ Վատիկանին յանձնած է աշխարհի մէջ կրօնական աւանդութիւնները պահպանելու նպատակով «Ինթըրփոլ»-ի մշակած ռազմավարութեան...

Զօր. Փորթոլանօ Այցելեց Նապաթիէ

Զօր. Փորթոլանօ Այցելեց Նապաթիէ

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ այցելեց Նապաթիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նահանգապետին քաղաքապետական խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերու պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանցիներուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Զօր. Փորթոլանօ հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը յանձնառու է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրուի բոլորին կողմէ:

«Ապահովութեան Ուժերուն  Դիմաց Փակ Շրջաններ Չկան»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Ապահովութեան Ուժերուն Դիմաց Փակ Շրջաններ Չկան» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Իպրահիմ եւ Ֆըրզլի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Իպրահիմի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որուն հետ քննարկեց եգիպտացի քաղաքացիներուն վերաբերող հարցեր: Նշենք, որ Իպրահիմ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի փոխադրատարներու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Նայիմ Սաուայայի: Քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի չորրորդ նաւամատոյցի փակումին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի շրջակայքը ձերբակալեց երկու լիբանանցիներ, որոնք կ՛ուղղուէին դէպի Արսալ` անոր բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միանալու նպատակով: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին ապահովական կայունութեան եւ պետական հաստատութիւններուն աշխուժացման բանալին է: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ իրենք անշեղ կը մնան այն սկզբունքէն, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Իսլամ Հոգեւորականներու Խորհուրդին,  Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան  Եւ Ումմա Շարժումի Պատուիրակութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Իսլամ Հոգեւորականներու Խորհուրդին, Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Եւ Ումմա Շարժումի Պատուիրակութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին շէյխ Զուհեր Ժայիտ, շէյխ Հիւսէյն Ապրիս, շէյխ Մոհամետ Օմար եւ շէյխ Իպրահիմ Պրայտի: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս այցելութիւնը օրհնութիւն մըն է, որ յաւելեալ կորով, ուժ եւ...

Զէյն Ընդունեց Իրանի Խորհրդարանին Մէջ  Հայութեան Ներկայացուցիչը

Զէյն Ընդունեց Իրանի Խորհրդարանին Մէջ Հայութեան Ներկայացուցիչը

Խորհրդարանի արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ապտել Լաթիֆ Զէյն երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանին մէջ հայութեան ներկայացուցիչ Կարէն Խանլարեանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ այլ պատասխանատուներու: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Խանլարեան յայտնեց, որ ինք Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով` աւելցնելով, որ իբրեւ իրանահայեր իրենք տարիներ շարունակ ապրած են...

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստին.  «Նախագահական Թափուր Աթոռին  Ժամանակաշրջանին Լաւագոյն  Ընտրանքը Համախոհութիւնն Է»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստին. «Նախագահական Թափուր Աթոռին Ժամանակաշրջանին Լաւագոյն Ընտրանքը Համախոհութիւնն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ նախագահական թափուր աթոռին ժամանակաշրջանին լաւագոյն ընտրանքը համախոհութիւնն է: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութենէն տարի մը ետք պէտք է արժեւորում մը կատարել այդ մասին եւ անկէ դասեր քաղել, յատկապէս նկատի...

Լիբանանցի 50 Գործարարներ Պիտի Ծանօթանան  Հայաստանի Երկրագործութեան  Մարզին Մէջ Ներդրումներու Կարելիութեան

Լիբանանցի 50 Գործարարներ Պիտի Ծանօթանան Հայաստանի Երկրագործութեան Մարզին Մէջ Ներդրումներու Կարելիութեան

Լիբանանցի գործարարներ երկրի երկրագործութեան նախարարին գլխաւորութեամբ պիտի այցելեն Հայաստան` ծանօթանալու գիւղատնտեսութեան մարզի ներդրումային կարելիութիւններուն: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոնի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ այս հարցը: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին նախարարը գոհունակութիւն յայտնած է գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ մակարդակին վերաբերեալ:...

Օպամա Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է  Ռուսիոյ Դէմ Որոշ Պատժամիջոցներու Ժամկէտը

Օպամա Մէկ Տարիով Երկարաձգած Է Ռուսիոյ Դէմ Որոշ Պատժամիջոցներու Ժամկէտը

Պարաք Օպամա ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մէկ տարիով երկարաձգած է Ուքրանիոյ ճգնաժամին պատճառով Ռուսիոյ դէմ նախապէս հաստատուած որոշ պատժամիջոցներու ժամկէտը: Հրապարակուած փաստաթուղթերէն կ՛երեւի, որ երկարաձգուած են Ռուսիոյ դէմ անցեալ տարուան 6, 16 եւ 20 մարտին, ինչպէս նաեւ 19 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներու ժամկէտները: Ըստ այդ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումէն Ընդարձակ Պատուիրակութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումէն Ընդարձակ Պատուիրակութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումէն ընդարձակ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի, երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Նաամթալլա Ապի Նասըր, Ժիլպերթ Զուէյն, Նաժի Ղարիոս, Ղասսան Մուխայպեր, Ֆարիտ Խազեն, Ապպաս Հաշեմ, Նեպիլ Նիքոլա, Սիմոն Ապի Ռամիա, Հիքմաթ Տիպ եւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ: Հանդիպումին...

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Վերածուած Է  Լարուածութիւնները Մեղմացնելու Ազդակի Մը»

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Վերածուած Է Լարուածութիւնները Մեղմացնելու Ազդակի Մը»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը վերածուած է լարուածութիւնները մեղմացնելու ազդակի մը: Պըրրի յայտնեց, որ հիւլէական թղթածրարին մասին արձանագրուած իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւններուն մասին համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը պիտի ունենայ իր ազդեցութիւնները, իսկ չստորագրուելու պարագային անոր ազդեցութիւնները շատ աւելի մեծ պիտի ըլլան:...

Արթիւր Նազարեան Հերքեց Քարիւղի  Հանքերուն Վերաբերող Հետազօտութիւնները  Սպրդեցնելու Մասին Տեղեկութիւնները

Արթիւր Նազարեան Հերքեց Քարիւղի Հանքերուն Վերաբերող Հետազօտութիւնները Սպրդեցնելու Մասին Տեղեկութիւնները

Արթիւր Նազարեան Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան հերքեց կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ քարիւղի հանքերուն մասին կատարուած աշխարհաբնագիտական հետազօտութիւններուն արդիւնքները սպրդեցուած են եւ յանձնուած Նորվեկիոյ ուժանիւթի նախարարութեան: Ա. Նազարեան շեշտեց, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Քարիւղի հարցերու տնօրինման ազգային խորհուրդը միջազգային ոչ մէկ կողմի յանձնած են այդ արդիւնքները, որոնք կը մնան լիբանանեան պետութեան...

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ամոսը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ամոսը

Ամոս եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական օժանդակութիւններու ներկայացուցիչ Վալերի Ամոսը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ռութ Մաունթընի: Հանդիպումէն ետք Ամոս յայտնեց, որ վարչապետ Սալամին շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած առատաձեռնութեան եւ սրտբաց ընդունելութեան համար: Ան հաստատեց, որ բոլորը իրազեկ են Լիբանանին վրայ գաղթականներուն ունեցած տնտեսական եւ...

Page 964 of 985 1 … 963 964 965 … 985

Արխիւներ