Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Համաշխարհային Խղճի Զարթնումի. «Այս Տարի Պիտի Նշուի 100-Ամեակը 1915-Ին Գործուած Հայոց Ցեղասպանութեան, Աղէտ Մը, Որ Արեւելքի Բոլոր Ժողովուրդներուն Վրայ Ունեցած Է Իր Հետեւանքը»

March 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_rabiye_hantiboumՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ հրաւիրեց քրիստոնէական հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոս, ասորի ուղղափառ համայնքի Զահլէի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոս, ասորի ուղղափառ համայնքի Լեռնալիբանանի եւ Թրիփոլիի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս, ղպտի համայնքի նախագահ հայր Ռուէյս Օրաշալիմի, Ուղղափառ հանդիպումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Մարուան Ֆատել, նախկին նախարարներ Սելիմ Ժրայսաթի եւ Եուսեֆ Սաատէ, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ եւ Քրիստոնեայ հանդիպումի անդամ Ժան Ազիզ:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն կոչ ուղղեց համաշխարհային խղճի զարթնումին, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն սպառնացող վտանգները:

Ան շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր Եւրոպայի մէջ կամ այլուր ապաստան գտնել` աւելցնելով, որ Արեւելքի մէջ ապրող ժողովուրդին նկատմամբ ամօթ է նման վարուելակերպ ցուցաբերել եւ զայն իր արեւելեան արմատներէն պոկել:

«Արեւելքի քրիստոնեաները աւելի քան 2015 տարիէ ի վեր կ՛ապրին այս շրջանին մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս տարի պիտի նշուի 100-ամեակը 1915-ին գործուած Հայոց ցեղասպանութեան, աղէտ մը, որ Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն վրայ ունեցած է իր հետեւանքը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն աւելցուց, որ հայութիւնը ենթարկուած է ցեղասպանութեան մը, որ կանխամտածուած էր, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն Էնվեր եւ Ճեմալ փաշաներու յուշերէն քաղուած կեցուածքներու, որոնցմէ ան մէջբերեց հետեւեալը. «Կառավարութիւնը իր ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը պիտի չկարենայ վերագտնել առանց հայերը եւ լիբանանցիները բնաջնջելու: Հայութիւնը բնաջնջեցինք ցեղասպանութեամբ, իսկ լիբանանցիները կրնանք բնաջնջել` զանոնք սովի ենթարկելով»:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ համաշխարհային խիղճը չի կրնար Արեւելքը լքել եւ արտօնել, որ դարձեալ կրկնուի Հայոց ցեղասպանութեան աղէտը եւ արեւելքցիներուն սովը, սարսափն ու բռնագաղթը:

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում
Համախմբումի Ընթացիկ Նիստ 

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց զօր. Միշել Աուն:

Համախմբումի նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ զօր. Աունի եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է եկեղեցական, քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգ մը քայլեր որդեգրելու, ինչպէս նաեւ 6 մայիսին Նահատակաց օրուան առիթով կեդրոնական ձեռնարկ մը կազմակերպելու` ոգեկոչելու համար լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը:

Ապու Սաապ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն դէմ գործուած բռնարարքները:

Ապու Սաապ նշեց, որ համախմբումը քննարկած է նաեւ կառավարութեան գործելաձեւի հարցը` շեշտելով, որ անկարելի է վարուիլ այնպէս մը, որ հանրապետութեան նախագահ գոյութիւն ունի:

«Այս կառավարութիւնը անհրաժեշտութեան նախարարաց խորհուրդ մըն է եւ մենք կը զօրակցինք աշխատանքին եւ ոչ աշխատանքի արգելակումին», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Փենթակոն. «Ուաշինկթըն Չմասնակցեցաւ Թիքրիթին Վերատիրանալու Իրաքեան Գործողութեան»

Յաջորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Զինեալ Խմբաւորումներուն Դիրքերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.