ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի լիբանանեան ֆրանսատառ «Մակազին» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` պատասխանելով ՀՅԴ-ի քաղաքական ուղղուածութեան մէջ փոփոխութեան մը կարելիութեան մասին հարցումի մը, ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն Լիբանանի մէջ իր գործունէութեան սկսած է 1902-ին, անիկա երկրին ամէնէն հին կուսակցութիւնն է եւ անոր սկզբունքները չեն փոխուիր: «Մենք կառչած կը մնանք Լիբանանի ազատութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան: Չափաւորականութիւնը, երկխօսութիւնը եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութեանց նկատմամբ բաց քաղաքականութիւնը մեզի համար հիմնական սկզբունքներ են: Լիբանանի անկախութենէն ի վեր մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը համակեցութեան պահպանումն է: Երկխօսութիւնը Լիբանանի մէջ հարցերը լուծելու միակ միջոցն է», ըսաւ Բագրատունի:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ցեղասպանութիւնը պատմական աղէտ մըն է, որ միայն հայ ժողովուրդին չի վերաբերիր: Ան ըսաւ, որ ոչ հայ լիբանանցիներուն եւ հայերուն միջեւ նմանութիւններ կան. Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուեցան, իսկ թրքական բռնագրաւումի տակ գտնուած Լիբանանը սովի ենթարկուեցաւ եւ իր բնակչութեան մէկ երրորդը կորսնցուց: Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ գոյութիւն ունի հասարակաց ճակատագիր մը` ոչ միայն հայերուն եւ ոչ հայ լիբանանցիներուն միջեւ, այլ նաեւ հայերուն եւ ամբողջ արաբ ժողովուրդին միջեւ:
«Ես շատ կը զարմանամ, երբ թուրք եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ պատմական յարաբերութեանց մասին կը խօսուի: Ի՞նչ յարաբերութեանց մասին է խօսքը` տէրի եւ ծառայի՞, արիւնահեղութեա՞ն, բռնատիրութեա՞ն, բռնագրաւումի՞: Երբ ես պատմութեան կը նայիմ այս տեսակի յարաբերութիւններ կը տեսնեմ: Թուրքիան այն ինչ որ սուրով եւ արիւնով չկրցաւ ստանալ, կը փորձէ ձեռք ձգել տնտեսութեան ու դրամի ճամբով, եւ այսօր կը փորձէ իր ծրագիրները իրագործել ահաբեկչական խմբաւորումներու ճամբով: Այսօր ականատես կը դառնանք ժողովուրդներու մօտ գիտակցութեան զարթօնքի մը: Թուրքիոյ դիմակը ինկած է»:
Պատասխանելով Հըզպալլա-Մուսթաքպալ եւ Ազգային ազատ հոսանք-Լիբանանեան ուժեր երկխօսութիւններուն մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Մեզի համար երկխօսութիւնը սկզբունք է: Մեր քաղաքական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ Լիբանանի կազմուածքն ու ներքին դասաւորումները կը ստեղծեն կացութիւններ, որոնք միայն երկխօսութեան ճամբով կրնան լուծուիլ: Մենք միշտ կոչ ուղղած ենք հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու: 1975-ին հայկական միւս կուսակցութիւններուն հետ ահազանգ հնչեցուցինք` կանխատեսելով, որ երկիրը դէպի պատերազմ կ՛ուղղուի: Դրական չէզոքութեան կամ աւելի ճիշդ յանձնառու չէզոքութեան կեցուածքը որդեգրեցինք, որովհետեւ յանձնառու էինք պատերազմին մաս չկազմելու: Հետագային գոյացուցինք Թաէֆի համաձայնագիրը, որ ո՛չ քրիստոնեաներուն, ո՛չ ալ իսլամներուն ձգտումներուն կը համապատասխանէ: Բոլոր դէպքերուն ընթացքին մենք երկխօսութեան կոչ ուղղեցինք եւ փորձեցինք ազգային միութեան մնացորդացը պաշտպանել: Երկխօսութիւնը միակ ուղին է. նոյնիսկ եթէ պարզապէս երեւութականը փրկելու համար է` անիկա կարեւոր է եւ անոր կարիքը ունինք, սակայն առանց մարդոց կեղծ յոյսեր ներշնչելու»:
Ան ըսաւ, որ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը փողոցին մէջ յարանուանական լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ տեսակէտները մօտեցնելու համար բացարձակ կարիք մըն է: «Թէեւ մեծ հարցերը երկխօսութեան օրակարգին վրայ չեն: Երկու կողմերուն միջեւ սառոյցը հալած է: Երկխօսութիւնը կը նպաստէ լիբանանեան մակարդակի վրայ հարցերը մեղմացնելուն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ինչ կը վերաբերի Ազգային ազատ հոսանք-Լիբանանեան ուժեր երկխօսութեան, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ երկխօսութիւնը կրնայ ժամանակ խլել, «որովհետեւ երեսունամեայ անջատումը, ճակատումն ու արիւնահեղութիւնը կարելի չէ քանի մը նիստով լուծել»:
Ինչ կը վերաբերի նախագահի ընտրութեան հարցին, Յ. Բագրատունի նշեց, որ 1943-էն ի վեր Լիբանանի մէջ բոլոր նախագահներն ալ, բացի Սլէյման Ֆրենժիէէն, ընտրուած են փոխզիջումի եւ համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք: «Ատիկա չի նշանակեր, որ չենք կրնար մեր նախագահը մենք ընտրել: Այդ մէկը կրնանք ընել պայմանաւ, որ օգտուինք ստեղծուած կացութենէն. նախագահի ինքնութիւնը ճշդող երկիրները այժմ ունին այլ առաջնահերթութիւններ` Իրանի հիւլէական թղթածրարը, Եմէնը, Պահրէյնը եւ Սուրիան, իսկ Լիբանանը վերջին դիրքի վրայ է: Մայրիներու երկրին նկատմամբ միակ հետաքրքրութիւնը այն է, որ անոր կայունութիւնը պահպանուի: Կրնանք առիթէն օգտուիլ եւ նախագահ մը ընտրել: Ատոր համար պէտք է մարոնիները, ապա քրիստոնեաները համաձայնին նախագահութեան թեկնածուի անձին շուրջ եւ զինք ներկայացնեն մեր իսլամ գործընկերներուն (…) Ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է փոխզիջումային տկար նախագահի մը շուրջ համաձայնինք: Համախոհական նախագահը չի՞ կրնար ուժեղ ըլլալ: Ուժեղ նախագահը ան է, որ կը ներկայացնէ բոլորը եւ կը գործէ իմաստուն կերպով»:
«Մենք միշտ ժամանակաւոր լուծումներ կը փնտռենք: Այսօր առանց նախագահի եւ 24 նախարարներէ կառավարուող պետութեան մը կ՛ընտելանանք: Մեր նպատակը այս բացառութիւն եղող կացութիւնները չընդունիլն ու նախագահ մը ընտրելն է: Մեկնելով ասկէ, պէտք չէ նախարարաց խորհուրդին մէջ առնենք այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կը ծառայեն ժամանակ վատնելու, պէտք չէ նախագահութեան աթոռի թափուր ըլլալուն ընտելանանք եւ նախագահ ընտրելու ուղղութեամբ լրջօրէն չաշխատինք», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Հարցումի մը պատասխանելով` Բագրատունի ըսաւ. «Դժուար է Սամիր Ժահժահի համար զօր. Աունը ընդունիլ իբրեւ նախագահ, սակայն անկարելի չէ զօր. Աունին համար, որ համոզէ Ժահժահը այս ուղղութեամբ»: