Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան Է. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Այն Թինէի մէջ:
Նիստին ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկու կողմերուն միջեւ քննարկումները շարունակուած են: Ապահովական եւ քաղաքական թղթածրարներուն գծով լուրջ յառաջխաղացք արձանագրուած է: