Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց ասորի համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ասորի ուղղափառ համայնքի Զահլէի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսը եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իրաքցի եւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն ճակատագիրը:
Հանդիպումէն ետք Աֆրամ շեշտեց, որ ոչ մէկ նորութիւն կամ տեղեկութիւն կայ երկու առաջնորդներուն ճակատագիրին մասին:
Աֆրամ յայտնեց, որ իրենք կոյր վստահութիւն ունին Ապպաս Իպրահիմի նկատմամբ, զարմանք յայտնելով սակայն, որ այս հարցին գծով սառած իրավիճակ մը արձանագրուած է: