
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ին, քննարկելու համար կառավարութեան վերջին նիստին համար ճշդուած օրակարգը:
Միւս կողմէ, վարչապետարանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ կատարուած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ յոյս կը յայտնուի նոր պայմաններ եւ առիթներ ստեղծել` կառավարութեան աշխատանքը շարունակելու նպատակով:
Հաղորդագրութեան մէջ վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ազգային շահերու մասին մտածել եւ ոչ թէ անձնական շահերու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին համախոհութեամբ գործելու: