Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայինները ազատ արձակելու համար բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են: Այդ առումով շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, թէ առեւանգող կողմերը իւրաքանչիւր բանակայինի համար պահանջած են մէկ միլիոն տոլարի գումար մը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Շատի Սաատ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հրաժարականն ու մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները նախատեսուած չեն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ ինք քաղաքացիական ամուսնութիւնները արձանագրելու փաստաթուղթերը պիտի չստորագրէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պէտք է խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան բաց նիստի մը հրաւիրէ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ կարգաւորել սահմանադրական բոլոր հաստատութիւններուն աշխատանքները: Ան աւելցուց նաեւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի մօտիկ ապագային կառավարութեան նիստ մը գումարելու նպատակով:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի ընդգծեց, որ կառավարութեան աշխատանքի գործելաձեւը փոփոխութեան ենթարկելու կարիք չկայ, անհրաժեշտ է սակայն կառավարութեան մտայնութիւնը փոխել:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, մայիս ամսուան ընթացքին արեւելեան լեռնաշղթային մերձակայ շրջաններուն մէջ վտանգներ նախատեսուած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին համաձայնութեան մը գոյացումը իւրաքանչիւր լիբանանցիի պահանջն է:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք նախատեսեց, որ կառավարութիւնը այս շաբթուան ընթացքին իր նիստը գումարէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ հաստատեց, որ Պեքաայի մէջ կացութիւնը բարելաւուած է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելու մէջ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակի զինումին զօրակցելու եւ անոր քաղաքական հովանաւորութիւն տրամադրելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ նախագահական թափուր աթոռին պատճառով կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ եթէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը մինչեւ Ֆիթրի տօնը կարելի չըլլայ եզրափակել, ապա իրենք պիտի յայտարարեն այդ երկխօսութեան ձախողութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան ենթակայ պիտի մնայ ահաբեկչական վտանգներուն, որոնց կ՛ընդդիմանայ լիբանանեան բանակը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի մաղթեց, որ լիբանանցիները երկխօսութեան ընդմէջէն կարենան նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան ողջունեց լիբանանեան բանակը` հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ անոր մղած պայքարին համար: Ան աւելցուց, որ պաշտպանութեան լաւագոյն ձեւը յարձակիլն է:

 

 

Նախորդը

Զարիֆ. «Այս Շաբաթ Կարելի Է Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել, Եթէ Մեր Վրայ Հաստատուած Պատժամիջոցները Վերցուին»

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Հապիպ Աֆրամը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?