Պասիլ Այցելեց Վենեզուելա
Պասիլ եւ Ռոտրիկեզ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ աւարտեց Լատինական Ամերիկայի երկիրներ իր կատարած պաշտօնական շրջապտոյտը` այցելելով Վենեզուելա: Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Տելսի Ռոտրիկեզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին ստորագրուեցան երեք համաձայնագիրներ, որոնց լոյսին տակ Լիբանան-Վենեզուելա երկկողմանի գործակցութիւնը պիտի բարելաւուի, երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագիրները պիտի ջնջուին, ինչպէս նաեւ երկկողմանի քաղաքական խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին: Հանդիպումէն ետք Պասիլ...


















