Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց «Ինթըրփոլ»-ի նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները շեշտեցին խորհրդարանի նախագահին կողմէ ուղղուած կոչերը` երկրին սահմանադրութեան կառչած մնալու իմաստով:
Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ Պըրրի անհրաժեշտ կը նկատէ, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային նիստ մը գումարէ` հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ Լիբանան համախոհութեամբ կը գոյատեւէ:
Պըրրիի այցելուները շեշտեցին նաեւ, որ համախոհութեան խախտումը երկրին սահմանադրութիւնը խախտելու համազօր է: