Լիբանանեան

Սէյիտ. «Լիբանանեան Պետութեան  Կարողութիւնները Չեն Արտօներ  Ահաբեկչութեան Դէմ Առանձին Պայքարիլ»

Սէյիտ. «Լիբանանեան Պետութեան Կարողութիւնները Չեն Արտօներ Ահաբեկչութեան Դէմ Առանձին Պայքարիլ»

Սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ երկրին սպառնացող վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու ռազմավարութիւնը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ ոմանք տակաւին հաւատադրժողական սպառնալիքները կը նկատեն քաղաքական հակառակորդութիւն: Սէյիտ կոչ ուղղեց զինելու լիբանանեան բանակը` աւելցնելով, որ պետութեան կարողութիւնները չեն արտօներ անոր ահաբեկչութեան դէմ առանձին պայքարիլ: Ան մաղթեց, որ օրը գայ եւ բանակը...

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

«Սաֆիր» օրաթերթի աշխատակից Տընիզ Աթալլա Հատտատ ստորագրած է «Թուրքիոյ, Մարտ 8-ի ու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ ներքին հաշիւներուն միջեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի լիբանանեան պատճէնը» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին լիբանանահայութիւնը կը զգայ, որ ինք այն համայնքներէն է, որուն դէմ խտրութիւն կայ: «Ճիշդ է, որ Լիբանանի բոլոր համայնքները ունին իրենց մտահոգութիւններն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել լաւատես է ամրան սկիզբը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու առումով, իսկ գարնան ընթացքին սահմանային կռիւներու հաւանականութեան մասին Շարպել յայտնեց, որ նման բախումներ նախատեսելի չեն: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ սուրիական...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին  Ներկայացուցիչը Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Ներկայացուցիչը Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական հարցերը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը:

Պըրրի – Զօր. Աուն Հանդիպում

Պըրրի – Զօր. Աուն Հանդիպում

Զօր. Աուն եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որ յայտնեց, թէ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային դէպքերուն Լիբանանի վրայ ունեցած հետեւանքները: Զօր. Աուն աւելցուց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած են խորհրդարանի օրինագիծերուն եւ կառավարութեան ու նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: «Նախագահական ընտրութեան առումով որոշ զարգացում...

«Չէզոք Քաղաքականութեան Պարագային  Լիբանանեան Եւ Սուրիական Ապահովական  Կառոյցներուն Միջեւ  Գործակցութիւնը Կարելի Չէ»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Չէզոք Քաղաքականութեան Պարագային Լիբանանեան Եւ Սուրիական Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Գործակցութիւնը Կարելի Չէ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Դեսպան Ասիրի եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հաստատեց, որ չէզոք քաղաքականութեան պարագային, լիբանանեան եւ սուրիական ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը կարելի չէ` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները բաւարար են ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու: Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային...

Ուսուցչաց Տօնի Նշում .  Կրթութեան Նախարարը Կը Շեշտէ  Ուսուցիչներուն Յաւելումները  Անյապաղ Վաւերացնելու Կարեւորութիւնը

Ուսուցչաց Տօնի Նշում . Կրթութեան Նախարարը Կը Շեշտէ Ուսուցիչներուն Յաւելումները Անյապաղ Վաւերացնելու Կարեւորութիւնը

Էլիաս Ապու Սաապ Կազմակերպութեամբ Ուսուցիչներու սենտիքային, երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնը նշելու պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան մեծ թիւով ուսուցիչներ: Ձեռնարկին ընթացքին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի անդամ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին աշխատանքները կաշկանդել: Ան շեշտեց, որ խորհուրդը պիտի շարունակէ իր ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար սենտիքայական գործունէութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով ուսուցիչներուն ցաւերն ու...

Պասիլ. «Լիբանանեան Բանակը  Կարիք Ունի Զէնքի Եւ Գաղտնի  Սպասարկութեանց Գործակցութեան`  Դիմադրելու Համար Ահաբեկչութեան»

Պասիլ. «Լիբանանեան Բանակը Կարիք Ունի Զէնքի Եւ Գաղտնի Սպասարկութեանց Գործակցութեան` Դիմադրելու Համար Ահաբեկչութեան»

Ժըպրան Պասիլ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ արաբական աշխարհը կ՛ենթարկուի ճակատագրական մարտահրաւէրներու, որոնց պէտք է դէմ դնել: Ան խստիւ դատապարտեց ծայրայեղութիւնը, որ ինքնիրեն արտօնած է փոխել շրջանին պատմական եւ քաղաքական տուեալները` շեշտելով, որ այս արարքը կարիք ունի արաբական միացեալ եւ բազմապատկուած գիտակցութեան ու զգաստութեան:...

Միւֆթի Տըրիան Այցելեց Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններ

Միւֆթի Տըրիան Այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Միւֆթի Տըրիան եւ Քաապի Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ուղղուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր շեշտեց, որ արաբական միասնականութիւնը միակ միջոցն է արաբական երկիրներուն դէմ նիւթուող դաւադրութիւններուն դիմադրելու` աւելցնելով, որ Լիբանան իր ազգային միասնականութեամբ կը մնայ ահաբեկիչներուն թիրախը: Շէյխ Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իսլամական կալուածներու եւ հարցերու նախարար Մոհամետ Քաապիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան միւֆթին դրուատեց արաբական...

Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Մաթար  Եպիսկոպոսը Հանդիպեցաւ Ճոն Քերրիին

Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսը Հանդիպեցաւ Ճոն Քերրիին

Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն միջոցով տեղեկացուց, թէ Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը Փարիզի մէջ զուգադիպաբար հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մաթար եւ Քերրի բարեւած են իրարու եւ յիշած Քերիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ հանդիպումը, որուն լոյսին տակ Քերրի Մաթար եպիսկոպոսէն...

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

Այսուհետեւ «Լիբանանեան մամուլէն քաղուածքներ» բաժինով պարբերաբար կ՛անդրադառնանք լիբանանեան մամուլով հրատարակուող այն յօդուածներուն, որոնք կ՛ակնարկեն կամ կ՛անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութեան: Լիբանանցի յօդուածագիր Տաւիտ Իսա իր մէկ յօդուածին մէջ կը հաստատէ իր կտրական մերժումը Լիբանանի նախագահական ընտրութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը Պքերքէի վերագրելու քայլին եւ կը հաստատէ, որ լիբանանցի քրիստոնեաները պէտք է միասնական կեցուածք որդեգրեն եւ համախոհութիւն գոյացնեն` նկատի ունենալով շրջանը եւ շրջանին սպառնացող վտանգները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւններու նոր հանգրուան մը թեւակոխելու հաւանականութիւնը մեծ է: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կարելի պիտի չըլլայ կատարել, նախքան Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական թղթածրարին առումով ստորագրուելիք համաձայնագիրը: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ եւ կեղծ ռմբակոծումներ գործեց Մերժահիունի եւ Հասպայայի վերեւ: ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ...

«Փոփոխութիւն Չկայ  ՀՅ Դաշնակցութեան  Սկզբունքներուն Մէջ»  Յայտարարեց  Յ. Բագրատունի

«Փոփոխութիւն Չկայ ՀՅ Դաշնակցութեան Սկզբունքներուն Մէջ» Յայտարարեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անշեղ կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատութեան, համերաշխութեան, երկխօսութեան եւ լայնախոհութեան իր սկզբունքներէն: Ան շեշտեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից քաղաքական ուժերը նոյնն են եւ այդպէս ալ էին, են ու կը մնան: Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն գոհ է իր դաշնակիցներէն` աւելցնելով,...

Եգիպտոսի Մէջ   Սիսի Ընդունեց Հարիրին

Եգիպտոսի Մէջ Սիսի Ընդունեց Հարիրին

Հարիրի եւ Սիսի Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ Գահիրէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին` ներկայութեամբ երեսփոխան Պասեմ Սապաայի եւ Հարիրիի խորհրդական, նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրիի: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ իրենք կը դիմադրեն նոյն թշնամիին` ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան, որ կրօնի, ինչպէս նաեւ արաբական եւ իսլամական...

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան  Առումով Ոչ Մէկ Նորութիւն Արձանագրուած Է»

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով Ոչ Մէկ Նորութիւն Արձանագրուած Է»

Միքաթի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ողջունեց կառավարութեան վերադարձը իր ընթացիկ աշխատանքներուն` ընդգծելով սակայն, որ կառավարութիւնը ինքզինք պիտի փաստէ իր կատարելիք գործերով: Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտող կողմերը արգելակած են նաեւ խորհրդարանին աշխատանքները` աւելցնելով, որ օրէնսդրութեան ժամանակը հասած է արդէն, եւ ինք խորհրդարանը այդ առումով նիստի մը պիտի հրաւիրէ: Պըրրի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ արձանագրուած թիւրիմացութիւնները օր մը...

Զօր. Քահուաժի Պիտի Չարտօնէ  Զինուորական Խորհուրդին Լուծարումը

Զօր. Քահուաժի Պիտի Չարտօնէ Զինուորական Խորհուրդին Լուծարումը

Զօր. Ժան Քահուաժի Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի այցելուները շեշտեցին, որ ան պիտի չարտօնէ Զինուորական խորհուրդին լուծարումը` աւելցնելով, որ ինք պիտի որդեգրէ պաշտօնավարութիւնները երկարաձգելու դրութիւնը, որովհետեւ լիբանանեան բանակը պատերազմական վիճակի մէջ է: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը սուրիացի արգելափակեալ Հասան Մոհամետ Ժամիլ Հարպան փոխանցեց համապատասխան դատական ատեանին: Հարպա անդամ է...

Պասիլ. «Արտերկրի Լիբանանցիներուն  Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Շնորհելու  Հարցին Յանձնառու Պիտի Մնանք»

Պասիլ. «Արտերկրի Լիբանանցիներուն Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Հարցին Յանձնառու Պիտի Մնանք»

Ժըպրան Պասիլ Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Արտերկրի լիբանանցիներու օրուան առիթով յայտնեց, որ տարեկան դրութեամբ նշուող այս օրը առիթ մըն է, որ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանանին իրենց պատկանելիութիւնն ու հաւատարմութիւնը վերանորոգեն, ինչպէս նաեւ կառչած մնան իր բազմազանութեամբ հանդերձ պատգամ երկիր ըլլալու Լիբանանի իրականութեան: Պասիլ շեշտեց, որ անցնող մէկ տարուան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութեան առաջնահերթութիւնը արտերկրի լիբանանցին էր, եւ այդ իմաստով...

Ահաւոր Ոճիր` Պուրճ Համուտի Մէջ

Պուրճ Համուտի հայ նպարավաճառներէն մէկը, որուն անուան սկզբնատառերն են Կ. Տ., երէկ իր խանութին մէջ կրակ բացաւ Ռ. Ե. սկզբնատառերը կրող անձի մը վրայ եւ նոյն զէնքով անձնասպան եղաւ: Ներքին ապահովութեան ուժերը ոճիրին մասին հետաքննութիւն բացին` բացայայտելու համար դէպքին ծալքերը:  

«Թող Երեսփոխանները Անսան Իրենց Խղճին Եւ Ըմբռնեն Հանրապետութեան Նախագահ Մը Չընտրելու Ահաւորութիւնը» Ըսաւ Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն անսալու իրենց խղճին եւ ըմբռնելու հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելու ահաւորութիւնը: «Ժամանակն է արդէն, որ երեսփոխանները եւ երեսփոխանական պլոքները իմանան, որ իրենց կեցուածքով կը սառեցնեն խորհրդարանին եւ պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը` երբ կը զլանան նախագահ մը ընտրել», ըսաւ ան:

«Նախագահական Ընտրութեան Հարցով  Շրջանային Եւ Միջազգային Զարգացումներուն  Սպասողը Տակաւին Երկար Պիտի Սպասէ»  Ըսաւ Նայիմ Քասեմ

«Նախագահական Ընտրութեան Հարցով Շրջանային Եւ Միջազգային Զարգացումներուն Սպասողը Տակաւին Երկար Պիտի Սպասէ» Ըսաւ Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան ապահովական կայունութեան ժամանակաշրջան մը կ՛ապրի` նկատի ունենալով զայն կայուն պահելու իմաստով տրուած միջազգային, շրջանային եւ տեղական որոշումները: Քասեմ նշեց, որ առանց այդ որոշումներուն, շրջանին դիմագրաւած բոլոր հարցերուն եւ տագնապներուն հետեւանքները պիտի դրսեւորուէին Լիբանանի վրայ: «Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը ունի նաեւ այլ ազդակ մը, որն է ներքին լիբանանեան հասունութիւնը` սադրանքները...

Page 963 of 985 1 … 962 963 964 … 985

Արխիւներ