Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի – Զօր. Աուն Հանդիպում

March 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աուն եւ Պըրրի
Զօր. Աուն եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որ յայտնեց, թէ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային դէպքերուն Լիբանանի վրայ ունեցած հետեւանքները:

Զօր. Աուն աւելցուց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած են խորհրդարանի օրինագիծերուն եւ կառավարութեան ու նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

«Նախագահական ընտրութեան առումով որոշ զարգացում մը արձանագրուած է», ըսաւ զօր. Աուն:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Պէյրութի ազգային հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով Սալահ Սալամ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տիրող իրավիճակը եւ անհրաժեշտ նկատած ապահովական միջոցառումներու որդեգրումը, որպէսզի Լիբանանի սիրտը վերսկսի տրոփել, յատկապէս նկատի ունենալով խորհրդարանը շրջափակող շրջանը:

Պըրրի խոստացաւ վերատեսութեան ենթարկել Կեդրոնական Պէյրութի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ
Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ

Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրիի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Սօսի Փոլատեան, Ֆատի Քարամ, Ղատա Համտան, Ժումանա Մֆարրեժ եւ Իպրահիմ Խուրի` ներկայութեամբ «Կիներ խորհրդարանին մէջ» եւ «Ռահվիրայ կիներ» միութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Կիներու միջազգային օրուան առիթով խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորեց կիները` ընդգծելով անոնց աշխուժ դերակատարութիւնը եւ ունեցած ներդրումը` բոլոր մարզերուն մէջ:

 

Նախորդը

«Չէզոք Քաղաքականութեան Պարագային Լիբանանեան Եւ Սուրիական Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Գործակցութիւնը Կարելի Չէ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Ներկայացուցիչը Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.