Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւններու նոր հանգրուան մը թեւակոխելու հաւանականութիւնը մեծ է:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կարելի պիտի չըլլայ կատարել, նախքան Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական թղթածրարին առումով ստորագրուելիք համաձայնագիրը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ եւ կեղծ ռմբակոծումներ գործեց Մերժահիունի եւ Հասպայայի վերեւ:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ոճիրները պէտք է նկատել մարդկութեան դէմ ոճիրներ, ինչպէս նաեւ զանոնք մշակութային մաքրագործում նկատել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի մէջ պաղեստինցիներուն բնակեցումը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն այն համաձայնութիւնը, որ օրինական կը դարձնէ Իսրայէլի հաշուոյն  պաղեստինեան հողերուն իւրացումը:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ռիատ Թապպարա յայտնեց, որ արտաքին հեղինակութիւններ կը մերժեն այս հանգրուանին նախագահական ընտրութիւն կատարելը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով երեսփոխանէ մը, կը գրէ, թէ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ կատարուած քննարկումները Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն հետ ոչ մէկ կապ ունին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ խստիւ դատապարտեց ֆրանչիսքեան միաբանութեան եկեղեցին ահաբեկչական գործողութեան թիրախ դարձնելու արարքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքը յայտնեց, որ կուսակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ընթացող երկխօսութեան` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան առումով ոչ ոք վեթոյի ենթարկուած է:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի, 12 մարտին պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 142 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ իրենք բոլորին ձեռք կ՛երկարեն, սակայն նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով անկարող չեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը 80 առ հարիւրով մշակուած է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորելու կարիքը զգալի է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ իրենց պարտականութիւնն է պահպանել երկրին անդորրը եւ մնալ գիտակից, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան յանձնառու ըլլալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ ապահովական իմաստով Լիբանան յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ, իսկ բանակը հսկայ նուաճումներ կ՛ունենայ:

 

 

Նախորդը

«Թեհրան Շրջանի Ժողովուրդներուն Շահերը Կը Պաշտպանէ Նոր Օսմանականութեան Տիրապետութեան Վտանգէն» Կ՛ըսէ Ռուհանիի Խորհրդականը

Յաջորդը

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?