
Կազմակերպութեամբ Ուսուցիչներու սենտիքային, երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնը նշելու պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան մեծ թիւով ուսուցիչներ:
Ձեռնարկին ընթացքին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի անդամ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին աշխատանքները կաշկանդել: Ան շեշտեց, որ խորհուրդը պիտի շարունակէ իր ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար սենտիքայական գործունէութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով ուսուցիչներուն ցաւերն ու իրաւունքները:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը անոնց ընծայուելիք յարմարագոյն նուէրը կը նկատուի:
Ան շեշտեց, որ բոլորը համոզուած են ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու կարեւորութեան, պայմանաւ որ անոնք ըլլան արդար եւ հաւասարակշռուած յաւելումներ, որոնց վճարումը կարելի ըլլայ կատարել:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ այս իմաստով հանդիպում մը տեղի ունեցած է վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, իսկ վաղը` չորեքշաբթի, 11 մարտին հանդիպում մը պիտի կատարուի նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպում մը ունենալու ուսուցիչներուն հետ եւ ճիգ չխնայելու անյապաղ վաւերացնելու համար ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները:
Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ Լիբանանեան համալսարանի վարչական գիտութեանց բաժանմունքի փակումին` նախարարը ցաւ յայտնեց տիրող այդ իրավիճակին համար, կտրականապէս մերժելով համալսարանի նախագահին ըստ կրօնական պատկանելիութեան նշանակումը` շեշտելով, որ ասիկա Լիբանանի մէջ ստեղծուած վտանգաւոր նախընթաց մըն է:
Ակնարկելով պայմանագրութեամբ գործող ուսուցիչները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու թղթածրարին` Ապու Սաապ շեշտեց, որ կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը սերտած է ուսուցիչներու իր կարիքը, եւ մօտիկ ապագային կարգ մը ուսուցիչներ պիտի հաստատուին իրենց պաշտօններուն վրայ:
Մինչ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի կ՛ունենար ուսուցիչներուն նուիրուած ձեռնարկը, պայմանագրութիւն ստորագրած տարրական, նախակրթարանի եւ արհեստից բաժանմունքներուն ուսուցիչները կատարեցին բողոքի նստացոյց մը եւ փակեցին կրթութեան նախարարութեան ճամբան` պահանջելով զիրենք իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատել:
Ցուցարարները շեշտեցին, որ իրենց միակ պահանջը այդ է եւ պէտք է արդար ըլլալ ուսուցիչներուն հետ:


