ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել լաւատես է ամրան սկիզբը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու առումով, իսկ գարնան ընթացքին սահմանային կռիւներու հաւանականութեան մասին Շարպել յայտնեց, որ նման բախումներ նախատեսելի չեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ գործակցութեան եւ սահմանին վրայ ահաբեկչութեան վերջ դնելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ եթէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հրաժարի եւ Շուֆի մէջ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ կատարուին, ապա Ժեզզինի մէջ եւս երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւն պէտք է կատարել:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան մթնոլորտը լարուած է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յատուկ ազգային խորհուրդ մը հիմնելու ջանքերը Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ անոր զաւկին` երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի կողմէ վեթոյի կ՛ենթարկուին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելէ ետք ֆրանսական աղբիւրներէ, կը տեղեկացնէ, թէ Սէուտական Արաբիա պատրաստ է լուծելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նէյլա Մուաուատ ողջունեց լիբանանեան բանակը` Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան ի խնդիր անոր մղած պայքարին եւ զոհողութիւններուն համար:


