Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Լիբանանեան Բանակը Կարիք Ունի Զէնքի Եւ Գաղտնի Սպասարկութեանց Գործակցութեան` Դիմադրելու Համար Ահաբեկչութեան»

Մարտ 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժըպրան Պասիլ
Ժըպրան Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ արաբական աշխարհը կ՛ենթարկուի ճակատագրական մարտահրաւէրներու, որոնց պէտք է դէմ դնել:

Ան խստիւ դատապարտեց ծայրայեղութիւնը, որ ինքնիրեն արտօնած է փոխել շրջանին պատմական եւ քաղաքական տուեալները` շեշտելով, որ այս արարքը կարիք ունի արաբական միացեալ եւ բազմապատկուած գիտակցութեան ու զգաստութեան:

Պասիլ նշեց նաեւ, որ այլ մարտահրաւէր մը կը նկատուի նաեւ արաբ անհատին եւ իսլամական քաղաքակրթութեան պատկերին աղաւաղումը` ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ նմանօրինակ տարբեր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ:

Պասիլ հաստատեց, որ այս  բոլորին մէջ Լիբանան կառչած կը մնայ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ ազգային միասնականութեան:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Իսրայէլ կը ներկայացնէ այլ մարտահրաւէր մը եւ մնայուն կերպով կը սպառնայ Լիբանանին ու պաղեստինցիներուն իրաւունքներուն: «Մինչեւ ե՞րբ իսրայէլեան ահաբեկչութեան դիմաց անկարող պիտի մնանք եւ պիտի արտօնենք, որ ան արաբական աշխարհին մէջ ահաբեկչութիւն սնուցէ», հարց տուաւ Պասիլ:

Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին մղած պայքարին` շեշտելով, որ օդուժին միջոցով ահաբեկիչներուն ռմբակոծումը անբաւարար է, եւ այդ իսկ պատճառով լիբանանեան բանակը կը ճակատի անոնց դէմ` արձանագրելով յաղթանակներ: «Սակայն բանակը կարիք ունի զէնքի եւ գաղտնի սպասարկութեանց գործակցութեան` դէմ դնելու համար ահաբեկչութեան», ընդգծեց Պասիլ:

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Յաջորդը

Ուսուցչաց Տօնի Նշում . Կրթութեան Նախարարը Կը Շեշտէ Ուսուցիչներուն Յաւելումները Անյապաղ Վաւերացնելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?