Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Մամուլէն Քաղուածքներ

March 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սաֆիր» օրաթերթի աշխատակից Տընիզ Աթալլա Հատտատ ստորագրած է «Թուրքիոյ, Մարտ 8-ի ու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ ներքին հաշիւներուն միջեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի լիբանանեան պատճէնը» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին լիբանանահայութիւնը կը զգայ, որ ինք այն համայնքներէն է, որուն դէմ խտրութիւն կայ:

«Ճիշդ է, որ Լիբանանի բոլոր համայնքները ունին իրենց մտահոգութիւններն ու գերզգայնութիւնները, սակայն հայութեան պարագային այդ մտահոգութիւնները աւելի եւս շեշտուած են` նկատի ունենալով, որ հայերը ամէնէն աւելի լիբանանեան ոգի ունին եւ յանձնառու կը մնան Լիբանանին, անոր շահերուն եւ ապագային, սակայն այդ բոլորով հանդերձ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ քաղաքական առումով լիբանանահայութեան նկատմամբ համապատասխան վարուելակերպ չի ցուցաբերուիր: Այս առումով Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց դաշնակից հայերուն հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ նոյնանման են», կը գրէ Հատտատ:

Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ, որ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները կը նեղացնեն լիբանանահայերը եւ կը գրգռեն անոնց գերզգայնութիւնները` աւելցնելով նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը նեղացնող այլ ազդակ մը կը նկատուի նաեւ զանոնք քուէներու հսկայ խումբ մը նկատելու մօտեցումը:

«Մինչ հայութիւնը, յատկապէս լիբանանահայութիւնը կը պատրաստուի նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, շրջանին մէջ ծայրայեղութիւնը կը հալածէ փոքրամասնութիւնները եւ բռնարարքներու կ՛ենթարկէ զանոնք», կը գրէ ան:

Հատտատ այս առիթով կը մէջբերէ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը միայն հայկական յիշողութիւն չէ, այլեւ` լիբանանեան յիշողութիւն է, նկատի ունենալով լիբանանցիներուն դէմ գործուած թրքական բռնարարքները: Կարելի՞ է մոռնալ, թէ Լեռնալիբանանի մէկ երրորդ բնակչութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթաքին շրջափակումի ենթարկուեցաւ եւ սովամահ դարձաւ: Նահատակաց յուշարձանը կը վկայէ լիբանանցիներուն դէմ գործուած բռնութիւններուն ու չարիքին մասին»:

Այս առումով ան կ՛անդրադառնայ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին կողմէ վարչապետ Թամմամ Սալամի կատարուած այցելութեան եւ Լիբանան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին լիբանանահայութեան վերապահութեան մասին վարչապետին փոխանցուած տեսակէտին:

Դարձեալ մէջբերելով Յ. Բագրատունիի յայտարարութիւնը` Հատտատ կը գրէ. «Լիբանանցիներուն միջեւ զօրակցութիւնը կը զօրացնէ ազգային ոգին, հետեւաբար եթէ ծագումով հայ լիբանանցի քաղաքացիները զգան, թէ լիբանանցիները կը բաժնեն իրենց ցաւը, ապա անոնց միջեւ կապը կ՛ամրապնդուի»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սէյիտ. «Լիբանանեան Պետութեան Կարողութիւնները Չեն Արտօներ Ահաբեկչութեան Դէմ Առանձին Պայքարիլ»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.